Երէկ, չորեքշաբթի օր «Ռոյթըրզ» վկայակոչելով իր հաւաստի աղբիւրները յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ իրաւասու մարմինները, փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ, քաղաքական գործիչներու եւ գործարարներու նոր խումբ մը ձերբակալած է:
Ըստ աղբիւրին, ձերբակալուողներու շարքին թագաւորական ընտանիքին պատկանող անդամներ կան:
Նշենք, որ ձերբակալութիւններու գործընթացը արժանացած է երկրի բնակչութեան մեծ մասի ոգեւորութեան, այն համարելով երկիրը թալանողներու դէմ իրագործուող գործողութիւն:
Իր հերթին ԱՄՆ նախագահ Թրամբ նոյնպէս բարձր գնահատած է ձերբակալութիւնները, նշելով, որ կասկածեալները տարիներ շարունակ թալանի ենթարկած են երկիրը: