Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սուէյտա շրջանն այսքան դաժան կոտորածի կ'ենթարկուի, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Դէպքը տեղի ունեցած է երէկ, 25 յուլիսին, երբ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը շարք մը անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելով աւելի քան 200 անձի մահուան պատճառ դարձած է:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, զոհուածներու մեծ մասն իրենց գիւղերը պաշտպանող տեղացիներ են:
Նշենք, որ Սուէյտա նահանգին մէջ տուրզի համայնքը մեծամասնութիւն կը կազմէ, եւ անցնող եօթ տարիներու ընթացքին քաղաքը զերծ մնացած էր պատերազմական դաժան գործողութիւններէ եւ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուելէ: