Թուրքիա կը շարունակէ քննարկումներ իրականացնել Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ` ռուսական «S-400» տեսակի հակաօդային պաշտպանական համակարգերու գնման թեմայով։
Թրքական «Haber.sol» լրատուական կայքը, յղում ընելով «Sputnik» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութեան, կը նշէ, որ այդ մասին յայտնած է ռուսական «Ռոսթէխ» պետական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սերգէյ Չեմէզով: Վերջինս շեշտած է, որ ներկայ պահին կողմերը կը քննարկեն եւ աշխատանքներ կ'իրականացնեն ֆինանսական հարցերու շուրջ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2016-ին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք աւելի վաղ ըսած էր, որ Թուրքիան ՀՕՊ համակարգերու կարիքը վերացնելու համար, կը բանակցի Ռուսաստանի հետ: Միեւնոյն ժամանակ նշած էր, որ Թուրքիան այդ հարցով բանակցութիւններ կը վարէ ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ տարբեր երկիրներու հետ: Ըստ անոր, Ռուսաստանը դրական կը վերաբերի S400-ներու նկատմամբ Թուրքիոյ հետաքրքրութեան: