Անցնող օրերուն արաբական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն Ռուսիոյ Սուրիոյ մէջ սկսած զինուորական միջամտութեան ընդհանուր գործընթացին մասին: Անոնք կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին անցնող Յուլիսէն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ գետնի վրայ ընթացող զարգացումներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ունեցած ծանր կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք վճռած է մտնել պատերազմական դաշտ: Բոլորին յայտնի է, որ մինչեւ սուրիական պատերազմին մասնակցիլը Ռուսիոյ համար գերագոյն խնդիրը իր զինուորական ՝ Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ զինուորական խարիսխներուն պաշտպանութիւնն էր: Տեղի ունեցած մարտերուն զուգընթաց Մոսկուա բաց կը պահէր իր դռները, սուրիոյ ընդդիմութեան տարբեր հատուածներուն բայց մանաւանդ Սիւննի աշխարհի թիւ մէկ բանբեր համարուող Րիատի առաջ: Այս քաղաքական խմորումները ապարդիւն էին, որովհետեւ տագնապին առնչուող երկու հիմնական կողմերը , այսինք Իրան եւ Սէուտական Արաբիա կը մնային անզիչող եւ իրենց համար գերագոյն հարցը Ասատի իշխանութեան աթոռին մնալ- չմնալն էր: Քաղաքական այս իրադրութեան մէջ քիչ չէր թիւը այն դէտերուն, որոնք իրավիճակին սառած մնալը կը վերագրէին կողմի, մը միւս կողմին դէմ տանելիք հաւանական զինուորական յաղթանակի մը երեւան գալով: Այստեղ յաղթանակ բառը պէտք է առնել չակերտներու մէջ, որովհետեւ հակամարտող բոլոր կողմերը հաւասարապէս չկրցան իրական յաղթանակներ գրանցել: Անցնող Յուլիսին երբ Իրանի հոգեււոր առաջնորդը կարեւոր նախաձեռնութամբ մը հանդէս կուգար եւ «Ալ Քուտս» փաղանգի գլխւոր հրամանատարը կ'առաքէր Մոսկուա: Իրանի առաջնորդը միշտ չէ՛ որ նման նախաձեռնութիւններով հանդէվս կուգար եւ անոր այս շարժումը կարեւոր ցուցանիշ էր, որ «դանակը հասած էր ոսկորին»: Այդ այցէն անմիչապէս ետք է նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահը ճար մը կ'արտասանէր Դամասկոսի «Ժողովրդային Պալատ»ին մէ
, ուր բացայայտօրէն կը խօսէր իր բանակի «որոշ յոգնածութեան» մը մասին: Խորքին մէջ այս պատգամը ուղղուած էր Ռուսիոյ, որովհետեւ ցարդ իրանեան զօրքերու եւ «Հըզպալլա»ի մասնակցութիւնը ընթացող պատերազմին չէին կրցած գետնի վրայ դրական տեղաշարժ մը կատարել ի նպաստ կառավարական ուժերուն: Այս բոլորով մէկտեղ Փութին նոյնպէս վերահասու կը դառնար, որ Սուրիոյ կարեւորագոյն հատուածները կը շարունակեն մնալ Ասատի իշխանութեան տակ: Ու այդպէս էր, որ կը հիմնուէին զինգործողութիւններու յատուկ կեդրոններ Ռուս-Իրան- Սուրիա եռակողմ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հնարաւորինս արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
Ռուսական զօրքերուն առաջին գործողութիւններու հետ համընթաց արեւմտեան երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ ծանրօրէն կը մեղադրէին Փութինը սակայն անոնց քննադատութիւնները կը մնային խօսքի սահմաններուն մէջ:
Փութին նաեւ լաւ կը հասկնայ իսլամական աշխարհի տարբեր նրբերանգները:Այդ առումով մէկէ աւելի ռուս պատասխանատուներ կը յայտարարէին, թէ իրենք չեն եկած մտնելու Սիւննի- Շիիթ հակամարտութեան մէջ այլ իրենց նպատակն է կռուիլ ու կոտրել ահաբեկիչներուն ողնաշարը: Ըստ ռուս զինուորական պատասխանատուի մը, ռուսական օդային հարուածները պիտի շարունակուին յառաջիկայ չորս ամիսներուն, որպրէսզի կարելի ըլլայ այդպիսով չէզոքացնել ահաբեկիչները եւ կարեւոր հարուածներ տալ Հալէպի, Իտլիպի, Ժըսր Ալ Շուղուր եւ Հոմսի մէջ: Այդպիսով ռուսական կողմը առիթ պիտի տար կառավարական ուժերուն նախ իր ուժերը վերադասաւորել եւ ապա անցնիլ ցամաքային գործողութեանց:
Երեւելի է նաեւ քաղաքական բեմահարթակին վրայ ռուսական կողմին նախաձեռնութեան սանձը իր ձեռքին մէջ պահելու փաստը: Ու այս խօսքին ամէնէն ուրոյն ապացոյցը Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ սկիզբ առած քառակողմ բանակցութիւններու սեղանն է: Համաժոողովը կը կարեւորուի, որովհետեւ գրեթէ տարիէի մը աւելի Թուրքիոյ, ԱՄՆ,ի Սէուտստական Արաբիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը նստին նոյն սեղանին քննարկելու համար տագնապին յարմար լուծումներ որոնելու մեքանիզմները:
Աս բոլորը կը կատարուին մինչ Սուրիոյ ազգային բանակի գրոհները կարեւոր յաջողութիւններ կը գրանցեն յատկապէս Հալէպի հարաւային եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ:
Արաբական գետնի վրայ հակառակ անոր, որ Րիատ կը շարունակէ մնալ անզիչող իր դիրքերուն մէջ մեծ անակնկալ մը չպէտք է համարել,, ելէ Գահիրէի կառավարութիւնը որոշէ զինուորական ջոկատներ Սուրիա ուղղարկել: Բացորոշ է, որ Եգիպտոսի նախագահը ամէն գնով համաձայն է Ռուսական քայլերուն ու այս առումով, անոր եգիպտական բաժանարար զօրքեր Սուրիա առաքելու մասին որոշում մը աւելիով կը զօրացնէ Ռուսական միջամտմութիւնը, ընդհանուր իրավիճակին տալով նաեւ համարաբական համաձանութեան մը շեշատդրումը:
Ռուսիոյ համար կարեւոր է շահիլ Սիւննի աշխարհին զօրակցութիւնը եւ այս առումով երեւելի է նաեւ Յորդանանի թագաւորին պատրաստակամութիւնը, որ վերջին օրերուն մէկէ աւելի առիթներով բացայայտօրէն կը յայտատարէ, որ Ամման Սուրիոյ խնդրին առթիւ պատրաստ է ամբողջական գործակցութիւն ունենալ Մոսկուայի հետ:
Սիւննի աշխարհին հետ իր կապերը ամրագրելու համար եղած առաջին փորձերէն ետք Ամմանի ու ապա Գահիրէի «այո»ն ունենալով Մոսկուայի համար կը մնայ Րիատի հետ լեզու գտնելու խնդիրը: Ու հոն նաեւ զարմանալի չէ, որ Սէուտական թագաւորութիւնը առանց մեծ աղմուկի կեցուածքի կարեւոր փոփոխութիւններ ընէ խուսափելով «խաղին մէջ» առանձինն մնալու մտավախութիւնէն: Անշուշտ այս բոլորը երկար ժամանակի կը կարօտին եւ կրնան պատահիլ միայն, երբ Սուրիոյ մէջ գետին ամբողջութեամբ կանցնի Սուրիական ուժերու տիրապետութեան տակ:
Քաղաքական շփումներու ֆոնին կարեւոր է նաեւ նկատել Ռուսական կողմին ՄԱԿ-ին հանդէպ ունեցած դրական շեշտադրումը: Տագնապի առաջին օրէն Մոսկուա տարբեր առիթներով խօսած է սուրիական տագնապը ՄԱԿ-ի ընդհանուր շրջագիծին մէջ լուծելու կարեւորութեան մասին: Ու նոյնիսկ երբ սուրիական կառավարութիւնը տարբեր առիթներով ծանր քննադատութիւններ հնչեցուցած է Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի մէկէ աւելի պատուիրակներու հասցէին, Մոսկուա մնացած է ամուր իր դիրքերուն մէջ եւ յայտատարած, որ տագնապը պէտք է լուծուի միայն ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ:
Մոսկուա նաեւ այս առումով լաւ կը հասնկայ «Խաղին օրէնքները»: Ու աներեւկայելի չէ, որ սուրիական տագնապին հանգուպցալուղովխ պիտի կարիողանայ հ յաւելեալ մեղծ դեր վերցնել եւ դառնալ արաբական աշխարհի «նոր իրաւարար»ը:
Միջին Արեւելքի խաղաղթուղթերու կարեւոր մէկ բաժինը այսօր Մոսկուայի ձեռքն է եւ այս ձեռքբերումը նուիրականցած է, ոչ միայն Փութինի ուժեղ եւ կեդրոնական իշխանութեամբ այլ նաեւ արեւմուտքի ու յատկապէս Ամերիկայի Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած ոչ ատանելի ձախողութիւններով ու նահանջով:
Կայ նաեւ այլ մօտեցում մը ըստ որուն Մոսկուայի նախաձեռնած Վիեննայի այս ռողովը, ինչպէս նախօրօք կատարուած այլ ժողովներ ձախողի այդ մէկը ոչինչ կը փոխէ գետնի վրայ: Ճակատումները կրնան շարունակուիլ եւ արիւնյեղումը եւ ահաբեկիչներու դէմ սկիզբ առած գործողութիւնները կրնան դառնալ աւելի համատարած: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ սուրիական խաղը առաջուան հունին մէջ չէ: Նոր խաղացողը, որ Մոսկուան է անպայման պիտի պարտադրէ իր կամքը, իսկ եթէ այդ մէկը դժուարանայ առնուազն յստակ է, որ ոչ ոք կրնայ շրջանցել անոր հիմնարար դերը:
Սագօ Արեան