Adarpress.net-ը կը գրէ.
Երեքշաբթի օր, Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշկին նախազգուշացուց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սրուող հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին շուրջ, հազարաւոր իսլամիստ գրոհայիններ կը ներգարաւէ, ինչ բանը Մոսկուայի համար վտանգ կը ներկայացնէ:
Ըստ Նարշկինի, 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած հակամարտութեան կը մասնակցին մարդիկ, որոնք Մերձաւոր Արեւելքէն եկած վարձկաններ ու ահաբեկիչներ են:
Հետախուզական զեկոյցներ հաստատած են, թէ Թուրքիան Սուրիոյ ընդդիմադիր ազգային բանակէն շուրջ 1500 վարձկաններ տեղափոխած է Ատրպէյճան՝ Հայաստանի դէմ մարտերուն մասնակցելու համար:
Նարշկինի Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան կեդրոնի կայքին մէջ տեղադրուած յայատարարութեան մէջ կ'ըսուի. «Մենք հարիւրաւոր, այլ հազարաւոր զինեալներու մասին կը խօսինք, որոնք կը փափաքին գումար վաստակիլ Ղարաբաղեան նոր պատերազմին ընթացքին»:
Տակաւին. «Մենք պէտք է մտահոգուինք, որ Հարաւային Կովկասը կրնայ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նոր մեկնարկային կայան դառնալ, ուրկէ զինեալները յետագային կրնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւան երկիրներ անցնիլ, որոնց մէջ նաեւ՝ Ռուսաստան»:
Նշենք, թէ զինեալներուն մեծամասնութիւնը Սուրիոյ ընդդիմադիր «Ազգային բանակ» կոչուած խմբակցութեան անդամ են, որոնք պատերազմած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին, ինչպիսին են «Ալ Նուսրա»ն «Տահէշ»ը եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ: