Իսրայէլեան օդուժը հարուածներ տուած է Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Սանա» պաշտօնական գործակալութիւնը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իսրայէլ հարուածած է յատկապէս սուրիական «Ալ Քընայթրա» շրջանը։
Զոհեր կամ վիրաւորներու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր եւ սուրիական աղբիւրներ կը վստահեցնեն, որ Սուրիոյ բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգեր կարողացած են դէմ դնել իսրայէլեան հարուածներուն եւ վնասազերծել կարգ մը հրթիռներ։