image

Ռուսաստան յայտարարեց ՝ «Սուրիա ամբողջութեամբ ազատագրուած է»

Ռուսաստան   յայտարարեց ՝ «Սուրիա  ամբողջութեամբ ազատագրուած է»

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարած է, որ ռուսական բանակը Սուրիոյ մէջ իր առագելութիւնը կատարեց ու երկիրն այժմ ամբողջութեամբ ազատագրուած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն: Այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական լրատուական գործակալութիւնը:

Ըստ աղբիւրին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ռուսական Զինուած ուժերու հրամանատարութեան սպաներէն Սերկէյ Ռոտսքոյ յայտնած է, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ չկայ շրջան մը, կամ գիւղ մը, որ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ է, շեշտելով, որ Սուրիա ամբողջութեամբ ազատագրուած է:

Ռուս սպային փոխանցմամբ, օրեր առաջ Պուքամալի մէջ աննախադէպ ուժեղ օդային հարուածներ իրագործուած են, «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման վերջին մնացորդներէն մաքրելու համար երկիրը:

Սերկէյ Ռոտսքոյ նշած է նաեւ, թէ հաւանականութիւն կայ ահաբեկչական խմբաւորման վերաշխուժացման, սակայն սուրիական բանակը պիտի ստանձնէ անոնց դէմ պայքարելու պարտականութիւնը, իսկ ռուսական ուժերը պիտի կեդրոնանան Սուրիոյ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու վրայ: