image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստան մտահոգ է. Ինչ սենար պատրաստուած է Սուրիոյ համար

Ռուսաստան մտահոգ է. Ինչ  սենար պատրաստուած է  Սուրիոյ համար

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ մէջ պայքարող զինեալ խմբաւորումները կրնան նոր ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնել, Սուրիոյ կառավարութեան դէմ մեղադրանք ուղղելու նպատակով:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Նեպենզիա յայտնած է, որ Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի կիրառման շուրջ տարածուած սուտ տեղեկութիւնները ենթադրել կու տան, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կը պատրաստուին նման արարք կատարելով այն վերագրել Սուրիոյ կառավարութեան: