image

«Ռուսաստան Հալէպի մէջ ճզմեց Ամերիկայի նկրտումները» Սուրիացի զօրավարին զգայացունց յայտարարութիւնը

«Ռուսաստան Հալէպի մէջ ճզմեց Ամերիկայի նկրտումները» Սուրիացի զօրավարին զգայացունց յայտարարութիւնը

Հալէպի ազատագրման միամեակին առթիւ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ սուրիացի զօրավար Մուհամմատ Ապպաս բարձր գնահատած է ազատագրական պայքարին մէջ Սուրիոյ բանակի ու ռուսական ուժերու համագործակցութեան շնորհիւ ձեռք բերուած յաղթանակը, շեշտելով, որ յիշեալ դաշինքը կարողացաւ պարտութեան մատնել տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան տիրապետութիւնը, միաժամանակ ապացուցելով, որ զոյգ երկիրները ի վիճակի են շինիչ համագործակցութիւն ծաւալելու եւ համատեղ ուժերով ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու:

 Ան  խօսելով Հալէպ քաղաքի   ազատագրութեան առաջին տարեդարձին մասին ըսած է,  թէ «Ռուսաստան  ճզմեց  ամերիկայի բոլոր տեսակի նկրտումներն ու  մենիշխանական փորձերը»:

Ապպաս շեշտած է նաեւ, որ Ռուսիա ապացուցեց իր ճշմարտացիութիւնը թէ' իր բարեկամներուն, թէ' ամբողջ աշխարհին դիմաց:

Սուրիացի սպային կարծիքով, ներկայիս ահաբեկչութեան դէմ մարդու պայքարը զարգացած հանգրուանի վրայ է, որ պատերազմի դաշտին վրայ իր դրսեւորումը գտաւ տնտեսական եւ ռազմական գետնի վրայ Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, Իրաքի, ինքնապաշտպանական ուժերու, Չինաստանի, եւ շարք մը այլ երկիրներու համագործակցութեամբ:

«Այսօր Սուրիա-Ռուսիա համագործակցութիւնը հաստատեց ռուսական զինամթերքի նկատմամբ վստահութիւնը՝ ընդդէմ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն, որոնք կը փորձեն կասկածի տակ առնել այն»,- շեշտած է Ապպաս: