ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները խոր ճգնաժամի փուլի մէջ կը գտնուին, այդ իսկ պատճառով ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցը Ուաշինկթըն դժուար թէ փոխէր իրավիճակն ու այն «դրական դաշտ տեղափոխէր»: Life.ru-ի փոխանցմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նման կարծիք յայտնած է ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղարը եզրափակած է` նշելով, որ պէտք չէ յոյս դնել երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ջերմացման վրայ: