Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորական խորհրդականներու խումբի ղեկավար` զօրավար-հազարապետ Վալերի Ասափովի սպաննութիւնը կրնայ դաւաճանութեան արդիւնք ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today»ը նշելով, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը մինչ պահս չէ հաստատած կամ հերքած այս տեղեկութիւնը, որ հաղորդուեցաւ բազմաթիւ ռուսական ոչ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ:
Յիշեցնենք, որ երէկ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորական խորհրդականներու խումբի ղեկավարը` զօրավար-հազարապետ Վալերի Ասափով զոհուած է՝ «Տահէշ»-ի կողմէ կատարուաած հրթիռարձակման պատճառով:
Ասափով կը գտնուէր սուրիական զօրքերու հրամանատարական կէտին մէջ, ուր օգնութիւն կը ցուցաբերէր Տէր Զօր քաղաքի ազատագրման գործողութեանց:
Նշենք, որ զօր.Ասափով արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ուքրանական բանակը պարտութեան մատնած գործողութեան հրամանատարը եղած էր: