Լիբանանի Աքքար շրջանը խուճապի մատնուած է այն բանէն ետք, երբ տեղի բնակիչ երեխաներէն մէկը՝ Մուհաննատ Ալ Խալիտի սպաննուած գտնուած է: Այս մասին կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Հետախուզական գործողութիւններու աւարտին, անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են «Սանս» անունով յայտնի Մահմուտ Մուհամմատ Քանաանը:
Փոքրիկ Մուհաննատ օրեր առաջ Մըշմոշ աւանին մէջ սպաննուած գտնուած էր եւ նետուած՝ Աքքարի Թալ Ալ Զիրահա շրջանի ջուրի տակառներէն մէկուն մէջ:
Մըշմոշ աւանի գիւղապետը համարած է, որ տեղի ունեցածը անմեղ մանկութեան դէմ ուղղուած ոճիր է, միաժամանակ կոչ ուղղելով երկրի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին, որ հրահանգեն դատարանին՝ ոճրագործը ամենադաժան պատիժին ենթարկելու համար: Իր հերթին երեխային հօրեղբայրն իր խօսքին մէջ նշած է, որ մանկութեան դէմ ուղղուած այս ոճիրը սարսափի ալիք բարձրացուցած է տեղի դպրոցին մէջ, ուր ուսում կը ստանան լիբանանցի եւ սուրիացի երեխաներ: Ան դարձեալ կոչ ուղղած է համախմբուելու, եւ ոճիրի մանրամասները պարզելով ոճրագործը պատիժի ենթարկելու: