Ռուս-եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այսօր՝ 20 մարտին կ'այցելէ Սուրիա, ուր նախատեսուած է հանդիպում՝ Սիրիոյ խորհրդարանականներու եւ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today» - ը, նշելով, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Տումայի խորհուրդին մէջ «Միասնական Ռուսիա» կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Վասիլիւին, որ միաժամանակ Տումայի խորհուրդի փոխնախագահն է:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ռուսիոյ խորհրդարանի չորս խորհրդարանական խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ:
Հանդիպման նպատակն է քննարկել Սուրիոյ հարցի կարգաւորումը եւ խորհրդարանականներու կատարելիք դերը այս գործընթացին՝ իրականացնելու համար Սուրիոյ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի ընդունած թիւ 2254 բանաձեւը: