image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս-եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Ասատի հետ

Ռուս-եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Ասատի հետ

Ռուս-եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այսօր՝ 20 մարտին կ'այցելէ Սուրիա, ուր նախատեսուած է հանդիպում՝ Սիրիոյ խորհրդարանականներու եւ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today» - ը, նշելով, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Տումայի խորհուրդին մէջ «Միասնական Ռուսիա» կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Վասիլիւին, որ միաժամանակ Տումայի խորհուրդի  փոխնախագահն է:


Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ռուսիոյ խորհրդարանի չորս խորհրդարանական խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ:


Հանդիպման նպատակն է քննարկել  Սուրիոյ հարցի կարգաւորումը եւ խորհրդարանականներու կատարելիք դերը այս գործընթացին՝ իրականացնելու համար Սուրիոյ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի ընդունած թիւ 2254 բանաձեւը: