image

«Ռաճո» գիւղին մէջ զոհուած է Շէրո Կիւնէշ անունով ուսանող մը. Կ'ըսուի, որ ան հայ էր (Լուսանկար)

«Ռաճո» գիւղին մէջ զոհուած է Շէրո Կիւնէշ անունով ուսանող մը. Կ'ըսուի, որ ան հայ էր (Լուսանկար)

Հայրենի «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հաղորդմամբ այսօր Սուրիոյ Աֆրին աւանի մերձ եղող «Ռաճո» գիւղին մէջ զոհուած է Շէրո Կիւնէշ անունով երիտասարդ մը, որ կ'ըսուի թէ հայ է: Աղբիւրը այս մասին տեղեկութիւն տալով յղում  ըրած  է քիւրտ   վերլուծաբան՝ Մութլու  Չիվիրօղլուին: 
 

Նշենք, որ  Մութլու Չիվիրօղլուն իր Դվիթըրեան  էջին վրայ այդ մասին գրառում մը կատարած ու աղօտ պատկեր մը տեղադրած է գրելով նաեւ, որ զոհը ուսանող  մըն էր եւ  անոր հետ գտնուող մայրն ալ  ծանրօրէն վիրաւորուած  է: 

 

 

 «Շանթ» նաեւ կը նշէ, որ կայանը յաջողած է կապ հաստատել Գամիշլիի իր աղբիւրներուն հետ, որոնք իրենց կարգին ոչ հերքած, ոչ ալ ընդունած են ներկայացուած տեղեկութեան հաւաստիութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Աֆրին շրջանը կը բաղկանայ աւելի քան 360 գիւղերէ, իսկ «Ռաճո» անունով գիւղին մէջ հայեր ըլլալու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: 

Յիշեցնենք, որ յունուարէն ի վեր Թուրքիոյ զինուած ուժերը  «Ձիթենիի ճիւղ»  անունով գործողութիւն մը սկսած են, որ նպատակ ունի երեսուն քլմ.  խորութեամբ ապահովական գօտի մը ստեղծել եւ յաշուեհարդար կատարել շրջանին մէջ գտնուող քիւրտ խմբաւորումներուն դէմ: