Խմբագրութիւնս ստացած է ՌԱԿ Վերականգնումի եւ Միութեան մարմնի՝ վերջերս հրապարակած կոչը, զորս ստորեւ կը հրապարկենք ամբողջութեամբ:
Մի քանի շաբաթներ առաջ՝ Ապրիլ 19-21, երեք օրերու ընթացքին Երեւանի մէջ գումարեցինք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի եւ Միութեան Երկրորդ (Երեւան-2) խորհրդակցական համաժողովը՝ տասներկու շրջանակներէ 63 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Այս ժողովը իր նիստերը գումարեց աննախընթաց կանոնաւորութեամբ: Մասնակցող իւրաքանչիւր ընկեր լուրջ գիտակցութիւնը ունէր, թէ այս ժողովէն կ'ակնկալուէր Ռ.Ա.Կուսակցութիւնը դնել վերականգնումի ճամբուն վրայ, որպէսզի ան վերագտնէ եւ վերստանձնէ իր կենսական դերը՝ ի նպաստ մեր ազգին եւ հայրենիքի գերագոյն շահերուն:
Երեւանի համաժողովը հիմը դրաւ դէպի վերականգնում եւ միութիւն առաջնորդող գործունէութեան եւ համապատասխան աշխատանքային բազմակողմանի ծրագրի մը, որուն գործադրութեան արդէն իսկ ձեռնարկած է այսօր Վերականգնումի եւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Երեւան-2ի ժողովէն բխած եւ մեր օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկն է ամէն ջանք ի գործ դնել՝ որպէսզի սփիւռքատարած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բոլոր ուժերը իրենց ետին թողուն վերջին տարիներուն ստեղծուած բաժանումները եւ միացնեն իրենց ուժերը, որպէսզի շուտով վերականգնումը եւ միութիւնը իրականացուին բոլոր շրջանակներու բոլոր շերտաւորումներու մասնակցութեամբ: Երեւան-2ի նախօրեակին ամէն ջանք գործադրեցինք եւ մեծ չափով յաջողեցանք այս աշխատանքին մէջ:
Գիտենք նաեւ, թէ այս աշխատանքը ամբողջական չէ: Տեղեակ ենք, թէ այս տարուան Մայիսի վերջաւորութեան Երեւանի մէջ տակաւին կը ծրագրուի ուրիշ ընդհանուր ժողով մը գումարել նախաձեռնութեամբ իր շրջանը ամիսներէ ի վեր աւարտած, սակայն Կեդրոնական Վարչութեան անունով գործող մարմնի կողմէ:
Մեր կոչն է, ի սէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ հետեւաբար ազգային մեր գերագոյն շահերուն, որ այս ժողովին մասնակիցները լուրջ նախաձեռնութիւն ցոյց տալով վերոյիշեալ այս գերագոյն շահերուն նկատմամբ, այդ ժողովին ընթացք տան միայն խորհրդակցական հանգամանքով եւ ժողովի իբրեւ արդիւնք նշանակեն զիրենք ներկայացնող բանակցային մարմին մը, որպէսզի կարելի ըլլայ խորհրդակցաբար Վերականգնումի եւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան հետ, ծրագրել մօտաւոր ամիսներուն գումարումը Ռ.Ա.Կուսակցութեան իսկական Ընդհանուր Ժողովի մը, մասնակցութեամբ բոլոր կողմերուն, ընտրելու համար Ռ.Ա.Կուսակցութեան օրինաւոր Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ պարտի ստանձնել ՌԱԿի ղեկավարութիւնը:
Այսօրուան Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի տագնապալից հրամայականները կը պահանջեն իւրաքանչիւր կուսակցականէ մասնակցիլ այս սուրբ աշխատանքին եւ չթոյլատրել որեւէ շեղում, որ թափանցիկ կերպով կը բխի անձնական հին թէ նոր շահախնդրութիւններէ:
Կուսակցութեան բաժանումներն ու հակամարտութիւնները անդամալուծած են եւ ազգային քաղաքական հրապարակէն հեռացուցած են զայն, այն պահուն երբ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ պատմական իրադարձութիւններ կը պատահին: Այդ երեւոյթը ինքնին զգաստացուցիչ խթան մը պէտք է ըլլայ բոլորին՝ վերականգնումը դրականացնելու:
Վերականգնումի եւ Միութեան Մարմինը սրտբաց կոչ կ'ուղղէ Մայիսի ժողովի մասնակիցներուն՝ իրենց ուժերը միացնելու, որպէսզի քանի մը ամիս ետք գումարուի ՌԱԿի օրինաւոր եւ վերջնական Ընդհանուր Ժողովը՝ բոլորին մասնակցութեամբ, որպեսզի ՌԱԿը վերահաստատէ իր իսկական եւ վերջնական Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ վերստանձնէ իր դերը ի շահ մեր ազգին եւ հայրենիքին: