Միացեալ Նահանգներու Միննեսոթայի համալսարանի մասնագէտները հրապարակած են նախազգուշացումներ նոր տեսակի «Քորոնա»ի ապագայի մասին, որոնց համաձայն «Քորոնա»ն տակաւին կրնայ գոյատեւել 1,5 էն մինչեւ 2 տարի, վարակելով աշխարհի բնակչութեան 60-70% տոկոսը:
Վերոյիշեալ համալսարանի համավարակի խումբ մը մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ ընելէ ետք, յանգած են այն եզրակացութեան, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է պատրաստ ըլլայ «Քորոնա»ի աւելի զօրաւոր հարուածի մը, յառաջիկայ աշնան ու ձմրան, ակնկալելով մահուան պարագաներու բազմացում:
Իր կարգին, Միննեսոթա համալսարանի համաճարակային գիտազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն՝ Մայք Օսթըրհոլմ CNN-ին ըսած է, որ համաճարակը պիտի չդադրիր, մինչեւ չվարակէ աշխարհի բնակչութեան 60-70% տոկոսը, շեշտելով, թէ խօսքերը` համաճարակի մօտալուտ աւարտին մասին, կը հակասեն կենսաբանական օրէնքներուն:
«Ապահովագրուած մարդ չկայ»
Մասնագէտները կը յայտնեն նաեւ, թէ վարակէն ապահովագրուած մարդ չկայ, որովհետեւ COVID 19-ը նոր հիւանդութիւն մըն է, եւ անոր աւարտին մասին յայտարարուած ժամկէտը՝ 18-24 ամիս, պարզապէս ենթադրութիւն է, որովհետեւ այդ ժամանակամիջոցին, մարդ արարածին մօտ կը դիմադրողականութեան համակարգ կը զարգանայ այս հիւանդութեան դէմ:
Անոնք կը մատնանշեն, թէ COVID 19-ը շատ նման է Կրիփի ընտանիքին համաճարակին: Սակայն իւանդութեան երկար գաղտնի շրջանը, արագ ու լայն տարածումը, առանց ախտանշաններով դէպքերու ի յայտ գալը, բոլորը նշաններ են վարակակիրներու հաւանական աճի:
Երեք սենարներ
Հետազօտողները կը յստակացնեն, որ պետութիւնները պէտք է դադրին յայտարարելէ թէ մօտ է համաճարակի աւարտը: Որովհետեւ երեք հաւանական սենար գոյութիւն ունի:
Առաջինը՝ COVID 19-ի զօրաւոր ալիք մը հարուածէ 2020 թուականի գարնան, որուն յաջորդեն յաճախակի թեթեւ ալիքներ ամրան ընթացքին, եւ շարունակուին մէկ կամ երկու տարի, հետզհետէ մեղմանալով մինչեւ 2021:
Վերլուծաբանները կ'ըսեն.-«Այս ալիքներու յառաջացումը կը տարբերի աշխարհագրական դիրքի համաձայն եւ կախում ունի երկիրներու կիրարկած սահմանափակումներէն եւ ծայրայեղ վիճակի պարագային անոնց որդեգրած միջոցներէն: Այս սենարը կը պահանջէ սահմնափակումներու հերթական կիրառում յառաջիկայ մէկ կամ երկու տարիներուն»:
Իսկ երկրորդը, որ աւելի վատ սենար է, համաճարակի առաջին ալիքը հարուածէ գարնան եւ անոր յաջորդէ աւելի զօրաւոր ալիք մը՝ աշնան կամ ձմրան, ապա աւելի փոքր ալիք կամ ալիքներ 2021-ին: Այս եղանակը կը նմանի 1918-ի կրիփի բռնկման օրինակին, որուն զոհ գացած են 50 միլիոն մարդ ողջ աշխարհի մէջ:
Այս տարբերակը կը պահանջէ, որ աշնան կիրառուի այնպիսի սահմանափակումներ, որոնք կը փորձեն նուազեցնել վարակի տարածումը եւ կը կանխեն առողջապահական համակարգերու անկումը:
Իսկ երրորդ սենարը, կը խօսի համավարակի դանդաղ շարունակականութիւնն է, այսինքն առաջին ալիքին պիտի յաջորդէ թեթեւ աճ, սակայն առանց որեւէ յստակ եղանակի:
Հնարաւոր է, որ այս տարբերակը չպահանջէ որեւէ սահմանափակումներ, մանաւանդ որ վարակի եւ մահուան պարագաները պիտի շարունակուին:
Փորձագէտները զարմացած են
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան պատասխանատուներուն, ծրագրել գործնական միջոցներ սահմանափակումներու առումով, որպէսզի կարենան յաղթահարել հիւանդութեան ծայրայեղ իրավիճակը, երբ պատահի:
Անոնք կը յայտնեն իրենց զարմանքը, թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներ, կը մեղմացնեն հիւանդութեան սահմանափակումները, առանց խիստ վերահսկողութեան, ինչը պատճառ պիտի դառնայ աւելի մարդկային կեանքեր խլելու:
Զեկոյցը կը նշէ, թէ պատուաստի ստեղծումը ճիշդ է որ պիտի օգնէ, բայց ոչ արագ ձեւով, բայց անպայման պիտի փոխէ համաճարակի ընթացքը: Պատուաստը թերեւս պատրաստ չըլլայ մինչեւ 2021 թուական, որովհետեւ այն մարտահրաւէրները, որոնք կրնան ծագիլ պատուաստի պատրաստման ընթացքին անյայտ են, ինչը կրնայ ուշացնել հիւանդութեան աւարտը:
Յիշեցնենք, որ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրը, որ ամիսներ առաջ սկիզբ առաւ Չինաստանէն, մինչեւ օրս պատճառած է աւելի քան 234 հազար մահուան դէպք եւ վարակած է 3 միլիոնէ աւելի մարդ:
Աղբիւր՝ «Ալ-Արապիյա»