image

«Աղէտներու աղէտ»էն ՝ Չեռնոպիլի պայթումէն փրկուած ՝ռուս զօրավարը, տեղի տուած է «Քորոնա»-ին առջեւ

«Աղէտներու աղէտ»էն ՝ Չեռնոպիլի պայթումէն փրկուած     ՝ռուս  զօրավարը, տեղի տուած է «Քորոնա»-ին առջեւ

Ռուսաստանի մէջ, 31 Յունուարին, իր մահկանացուն կնքած է զօրավար՝ Նիքոլայ Անթոշքինը (78 տարեկան):

 Անթոշքին օդուժի այն ռուս սպան էր, որ Չեռնոպիլի աթոմակայանի պայթումի վտանգաւոր շողարձակումներուն ենթարկուելով, դիմագրաւած էր աղէտը: Դժբախտաբար, ան չէ կրցած յաղթահարել «Քորոնա» վարակը: «Նիւ Եորք Թայմզ», վկայակոչելով Ռուսաստանի Պետական Տումայի նախագահի յայտարարութիւնը, հաղորդած է, թէ 2014 թուականէն ի վեր «Միաւորուած Ռուսաստան» կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Անթոշքին մահացած է ծանր հիւանդութենէ մը: Մինչդեռ յիշեալ կուսակցութեան նախագահ՝ Սերկէյ Նեվերովին, ըսած է թէ Անթոշքինի փոխադրուած էր հիւանդանոց «Քորոնա» վարակի հետեւանքով:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 1986-ին, Ուքրանիոյ Չեռնոպիլ աթոմակայանի մեծ պայթումէն ետք վտանգաւոր շողարձակումներ ողողած էին Եւրոպան, եւ ապա հրահանգ տրուած էր փակել թիւ 4 հիւլէական հնոցը: Այն ժամանակ Ուքրանիան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան: Զօրավար Անթոշքին, որ Ուքրանիոյ Քիեւի օդուժի մէջ սպայ մըն էր, հրամանատար նշանակուած էր այս գործողութեան:

Աղէտի այդ օրերուն, զօրավարը կազմած է 100 ուղղաթիռներէ բաղկացած տորմիղ մը, որուն պարտականութիւնն էր, մարել աթոմակայանի մէջ բռնկած հրդեհները: Աւազ եւ մարող նիւթեր սփռելով, անոնք կրցած են կասեցնել նաեւ շողարձակումներու ահռելի հոսքը:

Հիւլէական հնոցը փակելու այս գործողութիւնները տեւած են մօտ երկու շաբաթ, որոնց ընթացքին զօրավար Անթոշքին եւ մասնակից օդանաւորդները ենթարկուած են բարձրաստիճան շողարձակումներու եւ շնչած վտանգաւոր ծուխ:

Զօրավար Անոշթքին ուղղաթիռներէն նետած է մօտ 5000 թոն նիւթեր պարփակելու համար ճառագայթումը եւ մարելու հրդեհը:

Ի դէպ, կենսոլորտի գիտնականները այս աղէտը բնութագրած են, որպէս պատմութեան ամէնէն մեծ բնապահպանական «մարդակերտ» աղէտը: Պայթումին հետեւանքով տեղահանուած են 100 հազար բնակիչներ, նաեւ ստեղծուած է 20 մղոն երկայնքով արգիլուած տարածաշրջան, որ մինչ օրս տակաւին գոյութիւն ունի: Կայանի աշխատողներէն երկուքը տեղւոյն վրայ մահացած են, մնացեալ 134-ը փոխադրուած հիւանդանոց, որոնցմէ 28 հոգին մահացած է թունաւորումէ: Տարիներու ընթացքին մահացած են նաեւ 14 անձեր, եւ կասկածներ կան, որ անոնք մահացած են ճառագայթումէն առաջացած քաղցկեղէ: 

 Կը նշուի նաեւ, որ երբ առաջին անգամ զօրավարը թռիչք կատարած է կրակներուն վրայով, անմիջապէս զգացած է շնչափողի քերուըտուք եւ ունեցած փսխելու ցանկութիւն: Հակառակ դժուարութիւններուն, զօրավար Նիքոլայ Անթոշքին շարունակած է գործողութիւնները ու յաջողած զսպել հրդեհը:

 

Անթոշքին, մինչեւ պատգամաւոր ընտրուիլը 2014-ին, օդուժի մէջ իր նուիրեալ գործը կատարած է 30 տարի շարունակ:

 

 

Նիւթը՝ skynewsarabia-էն