image

Քոչարեանի պաշտպանները միջնորդութիւն պիտի ներկայացնեն

Քոչարեանի պաշտպանները միջնորդութիւն պիտի ներկայացնեն

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները միջնորդութիւն պիտի ներկայացնեն դատարան՝ երկրորդ նախագահի նկատմամբ ընտրուած կալանաւորումը անյապաղ վերացնելու պահանջով։ Այս մասին NEWS.am–ին յայտնած է Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբի անդամ, փաստաբան Արամ Օրբելեանը։ Փաստաբանական խումբը նման որոշման յանգած է Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի հիման վրայ ՍԴ որոշումէն ետք։

Յիշեցնենք, որ 4 սեպտեմբերին ՍԴ–ն մասնակի բաւարարեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումը։ Բարձր դատարանը ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի  35-րդ յօդուածի 2–րդ մասը ճանչցաւ Սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր։ Այսպիսով արձանագրուեցաւ, որ 35-րդ յօդուածի 2–րդ մասին մէջ նշուած քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքներու շարքին անձեռնմխելիութեան վերաբերող կարգաւորում առկայ չէ, ինչը հակասահմանադրական է։ Իսկ երէկ արդէն ՍԴ կայքին մէջ հասանելի էր որոշման ամբողջական բովանդակութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած  էր, թէ ինչ հետեւանքներու յանգեցուցած է պաշտօնաթող Հանրապետութեան նախագահի գործառութային անձեռնմխելիութեան վերաբերող դրոյթը օրէնսգիրքին մէջ չամրագրելը:

Արամ Օրբելեանի մեկնաբանմամբ՝ ՍԴ որոշումը կը նշանակէ, որ Սահմանադրական կարգի տապալման վերաբերեալ քրէական գործի յարուցումէն մինչ օրս տեղի ունեցած բոլոր գործողութիւնները, այդ շարքին երկրորդ նախագահի կալանաւորումները, հարցաքննութիւնները, անոր առանձնատանն ու գրասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութիւնները ապօրինի են, հետեւաբար առնուազն Ռոպերթ Քոչարեանի մասով գործը չի կրնար շարունակուիլ։

«Սա կը նշանակէ, որ առաջին ատեանի դատարանը 12 սեպտեմբերի նիստին պէտք է անյապաղ անդրադառնայ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցին եւ անոր ազատ արձակէ»,–ընդգծած է Օրբելեանը։

Փաստաբանը նաեւ նշած է, որ ՍԴ որոշումէն ակնյայտ է նաեւ, որ ՀՀ Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքը փոփոխութեան ենթարկելու կարիք ունի։