Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան ռուսաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հոշաւի Պապաքրը յայտարարած է, որ իրաքեան բանակի եւ շիական «Հաշտի Շահպի» խմբաւորման հետ բախումներու ընթացքին քրտական ուժերը կորսնցուցած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու 30 տոկոսը, կը գրէ «demokrathaber.org» կայքը: Պապաքր շեշտած է, որ կորսնցուցած տարածքները հիմնական այնպիսի շրջաններ էին, որոնք քրտական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին:
Քիւրտ գործիչը նաեւ նշած է, որ Իրանը ուղղակի կերպով կ'օգնէ Իրաքին Քիւրտիստանի դէմ գործողութիւններուն մէջ, ըստ անոր՝ իրաքեան ուժերու հետ կ'աշխատին ոչ միայն «Հաշտ Շահպի»-ի, այլեւ «Հըզպալլա»ի զինեալները:
Յիշեցնենք, որ Քէրքուքը պաշտօնապէս Իրաքեան Քիւրտիստանին մաս չէ կազմած, սակայն տեղի քիւրտերը մասնակցած են անկախութեան հանրաքուէին: Իրաքի բանակը դուրս մղած է քրտական ուժերը Քէրքուքէն, ինչպէս նաեւ Հանէքինի, Մոսուլի Մահմուր, Պահշիքա շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Սինճարէն:
Լուրը՝ Tert.am-in