image

Քրտական ջոկատները պիտի «գրաւեն» Մընպէժը

Քրտական ջոկատները    պիտի  «գրաւեն» Մընպէժը

 Քրտական   ջոկատներ կը պատրաստուին   գրաւել   Թուրքիոյ սահմանի մօտ եղող Սուրիոյ Մընպէժ քաղաքը: Այս մասին լուր  փոխանցող  աղբիւրներ  նաեւ կը  նշեն,  որ  քիւրտ  «Սուրիոյ Տէմոքրատական ուժեր»ու   (Hezen Suriya Demokratik) ջոկատներուն անմիջական  օժանդակութիւն  ցոյց կու տան  ամերիկեան   մասնայատուկ ուժերը: Այս մասին կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է Տահէշ  խմբաւորման   դէմ   արեւմտեան  դաշնակից ուժերուն մօտ ԱՄՆ նախագահի ներկայացուցիչ  Պրէթ Մաքորք:  Մաքորք   ըսած է, որ Մընպէժը  ռազմավարական  կէտ մըն է եւ կը համարուի Տահէշը  Եւրոպային կապող հիմնական  ճամբան: Ամերիկացի բանբերը նաեւ նկատել տուած է, թէ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ ահաբեկչական  յարձակումներ  ըրած Տահէշի ահաբեկիչները անցած են հոնկէ, եւ այն կը համարուի Ռաքքան  Եւրոպայի   կապող հիմնական  ճանապարհը: Նորութիւն մը չէ ամերիկացիներուն որդեգրած  քաղաքականութիւնը Սուրիոյ  մէջ: Անոնք պատրաստ են   յանուն իրենց շահերուն նոյնիսկ  զինուորական միջամտութիւն կատարել  եւ ցամաքային  ուժեր առաքել: Այս բոլորին  դիմաց պէտք է հասկնալ, որ  Միացեալ Նահանգներուն համար նպաստաւոր չէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող  պատերազմը իր   աւարտին  հասնի:  Մընպէժի     մէջ  գրանցուելիք  եւ քիւրտերուն  ձեռքով ըլլալիք «յաղթանակը» Սուրիոյ պետութեան յաղթանակը պիտի չըլլայ:  Այս բոլորէն զատ մտահոգիչ է Մընպէժ  քաղաքին  մէջ  պաշարուած   բնակիչներուն ճակատագիրը:

Ամերիկացիներուն համար այսօր Սուրիոյ  քրտական ջոկատները   կարեւոր գործիք   դարձած են   արիւնահոսող   երկրին մէջ    նոր ճակատներ ստեղծելու կամ  երեւութական յաղթանակներ  գրանցելու: Սուրիոյ ամբողջականութիւնը   իմաստ մը չունի  Ուաշինկթընի համար: Ներկայ  հանգրուանը  Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորման դէմ տարուող պայքարն է, որուն համար արեւմտեան   ուժեր  նիւթական  եւ զինուորական կարեւոր լծակներ    գործի  դրին: Այսօրուան  գործիքը քիւրտերն  են, որոնք վաղը  կրնան  զոհի վերածուիլ կամ Սուրիոյ  պետութեան բանակին դէմ, որպէս  սաստող ուժ   օգտագործուիլ: Վստահաբար  Մընպէժի   մէջ  եղող դէպքերը ամերիկեան  ջրաղացին պիտի ծառայեն:  Խնդիրը այդ չէ,  հարցը այն է, որ  նախագահական  «գոմա»ի մէջ մտնող ամերիկացիները Սուրիոյ  տագնապը  հանգուցալուծելու   լուրջ եւ   իրական ծրագիր մը չունին: