Քրտական ջոկատներ կը պատրաստուին գրաւել Թուրքիոյ սահմանի մօտ եղող Սուրիոյ Մընպէժ քաղաքը: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ քիւրտ «Սուրիոյ Տէմոքրատական ուժեր»ու (Hezen Suriya Demokratik) ջոկատներուն անմիջական օժանդակութիւն ցոյց կու տան ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը: Այս մասին կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է Տահէշ խմբաւորման դէմ արեւմտեան դաշնակից ուժերուն մօտ ԱՄՆ նախագահի ներկայացուցիչ Պրէթ Մաքորք: Մաքորք ըսած է, որ Մընպէժը ռազմավարական կէտ մըն է եւ կը համարուի Տահէշը Եւրոպային կապող հիմնական ճամբան: Ամերիկացի բանբերը նաեւ նկատել տուած է, թէ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ ահաբեկչական յարձակումներ ըրած Տահէշի ահաբեկիչները անցած են հոնկէ, եւ այն կը համարուի Ռաքքան Եւրոպայի կապող հիմնական ճանապարհը: Նորութիւն մը չէ ամերիկացիներուն որդեգրած քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ: Անոնք պատրաստ են յանուն իրենց շահերուն նոյնիսկ զինուորական միջամտութիւն կատարել եւ ցամաքային ուժեր առաքել: Այս բոլորին դիմաց պէտք է հասկնալ, որ Միացեալ Նահանգներուն համար նպաստաւոր չէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը իր աւարտին հասնի: Մընպէժի մէջ գրանցուելիք եւ քիւրտերուն ձեռքով ըլլալիք «յաղթանակը» Սուրիոյ պետութեան յաղթանակը պիտի չըլլայ: Այս բոլորէն զատ մտահոգիչ է Մընպէժ քաղաքին մէջ պաշարուած բնակիչներուն ճակատագիրը:
Ամերիկացիներուն համար այսօր Սուրիոյ քրտական ջոկատները կարեւոր գործիք դարձած են արիւնահոսող երկրին մէջ նոր ճակատներ ստեղծելու կամ երեւութական յաղթանակներ գրանցելու: Սուրիոյ ամբողջականութիւնը իմաստ մը չունի Ուաշինկթընի համար: Ներկայ հանգրուանը Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ տարուող պայքարն է, որուն համար արեւմտեան ուժեր նիւթական եւ զինուորական կարեւոր լծակներ գործի դրին: Այսօրուան գործիքը քիւրտերն են, որոնք վաղը կրնան զոհի վերածուիլ կամ Սուրիոյ պետութեան բանակին դէմ, որպէս սաստող ուժ օգտագործուիլ: Վստահաբար Մընպէժի մէջ եղող դէպքերը ամերիկեան ջրաղացին պիտի ծառայեն: Խնդիրը այդ չէ, հարցը այն է, որ նախագահական «գոմա»ի մէջ մտնող ամերիկացիները Սուրիոյ տագնապը հանգուցալուծելու լուրջ եւ իրական ծրագիր մը չունին: