Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիյի այցելութիւն տուած է իրանեան բանակի հայազգի զոհուած զինուոր Արման Աւետիսեանի ծնողներուն։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով, որ այցը տեղի ունեցած է հայկական սուրբ ծննդեան տօնի ճրագալոյցի գիշերը։
Լրագրող Պիսան Թարրաֆ, որ այս մասին ռէբորթաժ մը պատրաստած է, նաեւ նշած է, որ Այաթոլլայի եւ զոհուած զինուորին ծնողներուն միջեւ եղած հանդիպումը անցած է շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Խամէնիյի այդ առթիւ բարձր գնահատած է Իրանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դրական դերը, ըսելով «Քրիստոնեաները մեր ճակատը բարձր պահած են, անոնք մեր երկրի ազնուագոյն, խելացի եւ հաւատարիմ քաղաքացիներն են, իսկ իրանեան բանակին մէջ ծառայած եւ նահատակուած զինուորները մեր բոլորի հպարտութիւնն են»։
Իր կարգին նահատակուած զինուորին մայրը, որ եթերով պատմած է Այաթոլլային հետ իր ունեցած զրոյցին մասին, ըսած է «Ես Այաթոլլային ըսի, որ հայրս կորսնցուցած եմ պատերազմի ընթացքին, թոյլ կու տաս, որ քեզ հայր անուանեմ։ Այաթոլլան պատասխան չտուաւ, միայն թէ գլուխը շարժեց։ Այդ շարժումով ամէն բան յստակ էր արդէն»։
Յիշեցնենք, որ այս տարի կը զուգադիպի Իրանեան յեղափոխութեան 40-րդ տարեդարձը եւ «Ալ-Մայատին» կայանի ցուցադրած այս ռէբորթաժը կը ներկայացուի յեղափոխութեան նուիրուած յայտագիրներու ծիրին մէջ։