Քիւրտիստանի խորհրդարանը յայտարարած է, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ութ ամիսով պիտի յետաձգուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման համար կայանալիք քուէարկութեան նիստին 111 պատգամաւորներէն միայն 68-ը ներկայ գտնուած են, որոնցմէ 60-ը քուէարկած է երկարաձգման օգտին:
Նշենք, որ Քիւրտիստանի Ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Հինտրին Մուհամմատ նախանցեալ օր յայտարարած էր, որ կուսակցութիւններու կողմէ թեկնածուներ չառաջարկուելուն պատճառով անհրաժեշտութիւն առաջացած է ընտրութիւները յետաձգելու:
Յանձնաժողովի նախագահը յայտնած է նաեւ, որ մինչեւ ընտրութիւններու կայանալը Մասուտ Պարազանի եւ 2013 թուականին ընտրուած խորհրդարանը պիտի շարունակեն ղեկավարել Քիւրտիստանը:
Յիշեցնենք, որ թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտը մինչեւ անցեալ շաբաթ էր, որմէ ետք այն երկարաձգուեցաւ մինչեւ անցնող երկուշաբթի: