Սինճար քաղաքի բնակիչները «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած են, որ երէկ, երեքշաբթի օր, քաղաքն իրենց տիրապետութեան տակ առած են Իրաքեան շիիթ զօրաջոկատներուն ենթակայ եզիտի խմբաւորումները:
Նշենք, որ Սինճար քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտիներն են:
Բնակիչները պատմած են նաեւ, որ «Լալըշ» անունը կրող եզիտի խմբաւորումն իր իշխանութեան տակ վերցուցած է ամբողջ Սինճար քաղաքը այն բանէն ետք, երբ քիւրտ զինեալները երեքշաբթի երեկոյեան փախուստի դիմած են, լքելով քաղաքը:
Յիշեցնենք, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորում ծանրագոյն բարբարոսութիւններ կատարած էր Սինճարի մէջ սպաննելով հազարաւոր Եզիտի անզէն քաղաքայիններ: