Լիբանանի մէջ կալանքի տակ առնուած Սէուտցի իշխանը, որ յայտնի է «Քէփթակոնի իշխան» անունով, դատական ատեան ներկայացած է բաւական արտառոց ոճով մը: Այս մասին կը հաղորդէ լիբաանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ այս դատական գործը արմատները կ'երթան մինչեւ 2015, երբ էմիր Ապըտ Ալ-Մուհսէն Ալ-Սըհուտ, իր տաս թիկնապահներուն հետ փորձեց մեծ քանակութեամբ՝ (10 ծանրոց) քէփթակոն անունով յայտնի թմրանիւթի մաքսանենգութեան գործողութիւն իրականցնել:
«Ալ-Ժատիտ» նաեւ կը յայտնէ, որ «Քէփթակոնի Ամիր»ը ամենայն հանդարտութեամբ, ամբողջական հանդերձանքով՝ սկսած մազի սանտրուածքէն, «շիք» հաազգեստէն, «բաբիոն»էն, մինչեւ կարմիր կօշոկները, ձեռքին ձեռնաշղթաներով մտած է Պաապտայի քրէական դատարանի դահլիճ:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտէ, որ Սէուտցի իշխանի նմնա վարմունքին պատճառով է, որ այսօրուան նիստը յետաձգուած է: