image

«Քէփթակոնի իշխան»ը դատարան ներկայացաւ «Շիք» համազգեստով եւ կարմիր կօշիկներով

«Քէփթակոնի իշխան»ը դատարան ներկայացաւ «Շիք» համազգեստով եւ կարմիր կօշիկներով

Լիբանանի մէջ կալանքի տակ առնուած Սէուտցի իշխանը, որ յայտնի է «Քէփթակոնի իշխան» անունով, դատական ատեան ներկայացած է բաւական արտառոց ոճով մը: Այս մասին կը հաղորդէ լիբաանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ այս դատական գործը արմատները կ'երթան մինչեւ  2015, երբ էմիր Ապըտ Ալ-Մուհսէն Ալ-Սըհուտ, իր տաս թիկնապահներուն հետ փորձեց մեծ քանակութեամբ՝ (10 ծանրոց) քէփթակոն անունով յայտնի թմրանիւթի մաքսանենգութեան գործողութիւն իրականցնել:

 

 «Ալ-Ժատիտ» նաեւ կը յայտնէ, որ «Քէփթակոնի Ամիր»ը ամենայն հանդարտութեամբ, ամբողջական հանդերձանքով՝ սկսած մազի սանտրուածքէն, «շիք» հաազգեստէն,  «բաբիոն»էն, մինչեւ կարմիր կօշոկները, ձեռքին ձեռնաշղթաներով մտած է Պաապտայի քրէական դատարանի դահլիճ: 

 

Աղբիւրը նաեւ կը յայտէ, որ  Սէուտցի  իշխանի նմնա վարմունքին պատճառով է, որ այսօրուան  նիստը  յետաձգուած է: