image

Քենետիի սպանութիւնը Ռուսիոյ հետ առնչելը անմտութիւն է. Զախարովա

Քենետիի սպանութիւնը Ռուսիոյ հետ առնչելը  անմտութիւն է. Զախարովա

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութիւնը Ռուսիոյ հետ առնչելը անմտութիւն է:

Զախարովա այս թեմային անդրադարձած է որպէս պատասխան ԱՄՆ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուաած այն ենթադրութիւններուն, որոնք հաւանական կը համարեն Ճոն Քենետիի սպանութեան մէջ մեղադրուող Լի Հարվիի կապը խորհրդային հետախուզական մարմիններուն հետ եւ կը պնդեն, թէ վերջինս Խորհրդային միութեան մէջ զինավարժութիւններու մասնակցած է:

Զախարովա նշած է, որ տասնամեակներէ ի վեր Քենետիի սպանութեան մասին հաւաքուած տեղեկութիւնները խիստ գաղտնի էին, իսկ այսօր հրապարակուելով ռուսական կողմին դէմ կասկածներ կը հնչեցուին, որոնց հետեւանքը վատ պիտի ըլլայ այդ կարծիքները հնչեցնողներուն համար, որովհետեւ դէպքին վերաբերեալ տեղեկութիւնները պէտք է հիմնուին ճշմարիտ տուեալներու եւ ոչ մտացածին ենթադրութիւններու վրայ:

Մարիա Զախարովա միաժամանակ յայտնած է, որ ինք անակնկալի եկած է լսելով այդ կարծիքները, որովհետեւ չէր սպասեր, որ ճշմարտութիւնն այս աստիճան կրնայ խեղաթիւրուիլ:

«Քենետիի սպանութեան հետ կապուած փաստաթուղթերու հրապարակումը ԱՄՆ իշխանութիւններուն վերբերող խնդիր է, ուստի ես հասկացողութեամբ կը մօտենամ այն հարցին, թէ ինչու միջազգային հանրութիւնն իր պատմագէտներով, գիտնականներով ու քաղաքագէտներով տարիներէ ի վեր կը ձգտի պարզել ճշմարտութիւնը»,- նշած է Զախարովա: