«Այժմ խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ կ'ընթանան արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Մենք արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ դեսպանատուներու միջոցով կը շփուինք բառացիօրէն ամէն օր: Արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու, ինչպէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան, այնպէս ալ Հայաստանի միջոցով հեռախօսային խօսակցութիւններու մասին հաղորդագրութիւնները պարբերաբար կը հրապարակուին... մեր երկրի կողմէ վիթխարի ջանքեր ներդրուած են այս իրավիճակի լուծման համար` ինչպէս թէժ փուլին... այնպէս ալ հակամարտութեան յետսուր փուլին»,- ըսած է Զախարովան:
Ըստ անոր` խօսքը ոչ միայն քաղաքական ջանքերու, այլ նաեւ երկրի ղեկավարութեան դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքերու մասին է: «Եւ, ի հարկէ, մեր խաղաղապահներու դերի մասին, որոնք ամէն օր կը ներդնեն իրենց ուժը, հոգին եւ ունակութիւնները, արհեստավարժութիւնն ու հմտութիւնները` իրավիճակը շտկելու համար: Եւ որպէսզի արդէն քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, հասարակական գործիչները կարողանան կատարել իրենց գործառոյթները: Այդ պատճառով ռուս խաղաղապահներու դերը թերագնահատել հնարաւոր չէ»,- եզրափակած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը: