image
Հրատապ լուրեր:

Քեմալիստները չեն կրնար կառավարել Թուրքիան.Սեւան Նշանեանի անդրադարձը

Քեմալիստները չեն կրնար     կառավարել Թուրքիան.Սեւան Նշանեանի անդրադարձը

Պոլսահայ   այլախոհ  մտաւորական, Սեւան Նշանեան օրերս   իր կարծիքը  յայտնած   է  Թուրքիոյ մէջ   կայանալիք  ընտրութիւններուն  վերաբերեալ: Ան  իր   Ֆէյսպուքեան  էջին  գրառում մը   կատարելով  Նշանեան  գրած  է,  թէ  Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ  համարուող «Ժողովրդահանրապետական»    կուսակցութեան   գլխաւոր  թեկնածու   հանդիսացող   Մուհարրէմ ԻնՃէն իրականութեան մէջ ոչ մէկ առիթ  ունի  Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ մրցակցութեան  մէջ   մտնելու համար:


«Որմէ՞ կրնայ ձայն ստանալ Մուհարրէմ Ինճէն։ Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ու անոնց  դաշնակից  գործընկեր «Ազգային շարժման» ընտրողներու շարքերուն մէջ կա՞յ մէկը, որ 2014-ին ու 2015-ին «Ժողովրդահանրապետականներ»ուն ձայն չտալով՝ այսօր «դարձի եկած է» ու այս քեմալականներուն ձայն կու տայ։ Քիւրտերէն մարդ կա՞յ, որ քեմալականներուն «երես կու տայ»։ «Ձախակողմեան» թուրք զանգուածէն անոնք, որոնք անցեալ անգամ քրտամէտ  HDP-ին ձայն տուին, քանի մը հարիւր հազար հոգի էին։ Անոնց մէկ մասը հակաքրտական ուժեղացած քարոզչութեան տակ թերեւս մտափոխուած է։ Ասոնք ալ մէկ քառորդ տոկոս թող ըլլան»,- կը գրէ Նշանեանը, աւելցնելով, որ քեմալականներու առաջադրած թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէն այդքան ալ ծանօթ չէ լայն զանգուածներուն, ու եթէ կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին շատերը գոնէ հեռուստացոյցի միջոցով գիտէին, ապա Ինճէի պարագային ձայն «հաւաքել»ը  աւելի բարդ   պիտի ըլլայ։

Նշանեան կը կանխատեսէ, որ Ինճէի կողմէն 24 տոկոս ձայն ստանալն ուղղակի հրաշք   պիտի ըլլայ:



Պոլսահայ մտաւորականը նաեւ փորձած է վերլուծել, թէ ուր կ'երթայ նախագահ Էրտողանի օգտին տարիներ առաջ քուէարկած, սակայն այլեւս իշխանութիւններէն հիասթափուած ու անոնց աջակցիլ չուզող ընտրողներու զանգուածը։

«Անցեալին Էրտողանին ձայն տուած, բայց «Այլեւս բաւակա՛ն է» ըսողներն ո՞ւր կրնան երթալ։ «Երջանկութիւն» կուսակցութիւնը կրնայ շատ անսպասելի ելք ունենալ։ Մերալ Աքշէնէրը  (նորաստեղծ ազգայնական ու ընդդիմադիր  «Էյի» (Հայերէնով ՝ «լաւ») կուսակցութեան առաջնորդը շատ անկանխատեսելի է։ Կրնայ 10 տոկոսն ալ չյաղթահարել, կրնայ 30-ն ալ տալ անցնիլ։ Եթէ քիւրտերը դեռ կտոր մը պատիւ ունին՝ քրտամէտ «Ժողովրդադեմոկրատական» կուսակցութեան ձայները պէտք է որ աճին»,- կը շարունակէ Նշանեանը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ ինքն իր ձայնը պիտի տայ քրտամէտներու առաջնորդ Սելահէլտին Տէմիրթաշին, որ նոյեմբեր 2016-էն ի վեր կը գտնուի բանտը՝ պնդելով, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակի փոփոխութեան միակ ճանապարհն ի դէմս քեմալական «Ժողովրդահանրապետականներ»ու աջակողմեան ընդդիմութեան վերջը տալն է։

«Ըսենք թէ հրաշք տեղի ունեցաւ, ու քեմալականները յաղթեցին։ Ի՞նչ կ'ըլլայ։ Նախ՝ երկիրը կառավարել չեն կրնար, վեց ամսուան մէջ այնպիսի վիճակի կը հասցընեն, որ յետոյ փրկուելու համար քառասուն տարի կը պահանջուի։ Երկրորդը՝ ներկայիս իշխանութեան պետական քաղաքականութիւնը (ազգայնական մօտեցումները) նոյնութեամբ եւ նոյնիսկ աւելի վատ տեսակով կը գործարկեն, վստա՛հ եղէք։ 

Այդ ե՞րբ  ժողովրդահանրապետականները դէմ կանգնած են «վերէն» եկող հրամաններուն։ Քրտաբնակ շրջաններուն մէջ քաղաքները հողին հաւասարեցնելու ժամանակ ծպտուն լսուեցա՞ւ։ Երկրի մէջ ոեւէ մտաւորական դէմքի բանտարկութեան դէմ փողոց  դուրս եկա՞ն։ Միակ մեծագոյն քաղաքական ծառայութիւնը, որ այժմ կրնայ մատուցել Թուրքիոյ, այդ կարծրացած աջակողմեան «ընդդիմութեան» քուէատուփերուն մօտ թաղելն է: Անձամբ ես առաջին փուլին Սելոյին (Տէմիրթաշին) պիտի տամ ձայնս, երկրորդ փուլին, եթէ միւսներէն ոեւէ մէկը մնայ, չեմ ալ երթար ընտրութեան», - եզրափակած է Նշանեան։

Յիշեցնենք, որ 13 տարուան   բանտարկութեան     «արժանացած»    Նշանեան անցեալ տարի      խոյս   տուաւ  թրքական բանտէն  եւ հաստատուեցաւ Յունաստանիւ Սամոս կղզիին   մէջ: