ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գրանցուած է «Քորոնա» վարակով բռնուած պարագայ մը, որ ոչ մէկ կապ կամ շփում ունեցած է այլ վարակակիրներու հետ։ Վարակակիրը, ինչպէս կը հաղորդեն Ամերիկայի հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնէն, չէ գտնուած «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքեր գրանցուած երկիրներու մէջ ու յատկապէս չէ ճամբորդած Չինաստան։
Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքը, նշելով, որ Ամերիկայի հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնի «CDC» յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ հիւանդի վարակման աղբիւրը ցարդ անյայտ է, բացատրելով, որ «դէպքը յայտնաբերուած է Միացեալ Նահանգներու հանրային առողջապահական համակարգի միջոցով եւ ուշադրութեան տակ առնուած է գործը վերահսկող բժիշկներու կողմէ»: