Օրինական փաստաթուղթեր չունենալու պատճառով 29-ամեայ Դաւիթ Յակոբեանը, որ կ'ապրի Պուլկարիոյ մէջ մանուկ հասակէն, բերման ենթարկուած եւ տեղաւորուած է Պուսմանցիի փախստականներու կեդրոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռուսկաիա Պոլկարիա» պարբերականը։
Բերման ենթարկուելէ ետք Դաւիթին համար Նեսեպրայի մէջ, ուր ան մշտապէս բնակած է, սկսած են դրամ հաւաքել:Դաւիթը ծնած է Հայաստան, իսկ 3 տարեկանին մօր եւ մեծմօր հետ տեղափոխուած է Պուլկարիա։Այսօր Նեսեպրայի բնակիչները անոր ընտանիքի անդամներուն կը համարեն տեղի բնակիչներ։
«Մայրը փորձած է փաստաթուղթեր պատրաստել, բայց չէ յաջողած, իսկ անոր 18 տարին լրանալէն ետք ըսած են, որ փաստաթուղթերու ձեւակերպման հիմքեր չկան»,- ըսած է Դաւիթի եղբայրը՝ Տեյվիտ Տեաքովը։
Պուլկարիա տեղափոխուելէ ետք անոնց մայրը ամուսնացած է պուլկարացիի հետ, որ խոստացած է որդեգրել Դաւիթին, բայց խոստումը չէ պահած, այլ լոկ ծաղրած է անոնց։
Դաւիթը եղբօր եւ մօր միակ նեցուկն է, թէեւ փաստաթուղթերով Պուլկարիոյ մէջ նման մարդ չկայ։
«Փաստաթուղթեր չունենալու պատճառով ան չի կրնար մասնակցիլ քննութիւններուն 12-րդ դասարանէն ետք եւ միջնակարգ կրթութիւն ստանալ։ Հետաքրքրուած է հոգեբանութեամբ, գրականութեամբ»,- ըսած է Դաւթի ընկերուհին՝ Վեսելա Վելքովան։
Այդպէս Դաւիթը կ'ապրի եւ կը սորվի Պուլկարիոյ մէջ արդէն 26 տարի, իսկ 9 մարտին ընկերներուն հետ ենթարկուած է ոստիկանական սովորական տուգանման Վառնայի ճանապարհին, որմէ ետք ոստիկանութիւնը անոր բերման ենթարկած է եւ ուղարկած փախստականներու կեդրոն՝ երկրի սահմանը ապօրինի հատելու հիման վրայ։Ինչպէս պարզուած է, Դաւիթը, որ ամբողջ կեանքը անցուցած է Պուլկարիոյ մէջ, չի կրնար վերադառնալ նաեւ Հայաստան, քանի որ այստեղ ան պէտք է բանակ ծառայէ։ Ծառայութենէն ազատելու համար Դաւիթը պէտք է վճարէ 5-7 հազար տոլար, որ ընտանիքը չունի։ Ուստի Նեսեպրայի մէջ կազմակերպուած է բարեգործական արշաւ։
Փաստաբան Տիլեանա Կիթեւայի խօսքով՝ Դաւիթ Յակոբեանը կալանած են մէկ ամիսով, բայց փարատոքսն այն է, որ մարդը, որ Պուլկարիոյ մէջ ապրած է 26 տարի, որուն կը ճանչնան հարիւրաւոր պուլկարներ, պէտք է մէկ ամիս գտնուի փախստականներու կեդրոն՝ մինչեւ անոր անձի ճշդումը։ Փաստաբանը նշած է, որ Յակոբեանը Պուլկարիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չունի միայն այն բանի հիման վրայ, որ Պուլկարիոյ մէջ անոր շատերը կը ճանչնան։ Բայց կը մնայ յոյսը, որ անոր շուտով ազատ կ'արձակեն, թերեւս այսօր, անձը պարզելէ ետք։
Դաւիթը հեռախօսով անձամբ պատմած է իր պատմութիւնը։ Ան բացատրած է, որ կը գտնուի 20 տեղանոց խուցի մէջ՝ Իրաքի եւ Աֆղանստանի քաղաքացիներու հետ, իսկ երէկ չինացի մըն ալ բերած են։ Դաւիթի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ պայմանները կարծես բանտի պայմաններ ըլլան:
Ան տեղեկացուցած է, որ երկար տարիներ տարբեր պետական գերատեսչութիւններ հարցումներ ուղարկած է, բայց այդպէս ալ պատասխան չէ ստացած
Նիւթը ՝«Ռուսկաիա Պոլկարիա» պարբերականէն։