image
Հրատապ լուրեր:

«Ճիշդ է, որ ներկայիս ապահով ենք, բայց մեր բոլորի ապագան՝ Հայաստանն է». Երուսաղէմաբնակ ՝ Նշան Պալեան

«Ճիշդ է, որ ներկայիս  ապահով ենք,  բայց մեր  բոլորի ապագան՝ Հայաստանն  է».  Երուսաղէմաբնակ ՝ Նշան  Պալեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Սաղիմահայ հասարակական գործիչ ՝Նշան Պալեան:

- Ի՞նչ պատճառով ծագեցան Երուսաղէմի «Շէյխ Ժարահ» շրջանի խռովութիւնները. ի՞նչ են պատճառները:

«Շէյխ ժարահ» շրջանը կը գտնուի արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, եւ արաբական կողմ կը համարուի։ Շրջանի բնակիչներու 90 տոկոսը արաբներ են, եւ հրեաները կամաց կամաց կ'ուզեն այդ շրջանը մուտք գործել, որպէսզի Երուսաղէմի այս բաժանումը վերցուի։ Այլ խօսքով արաբական կողմ եւ հրէական կողմ չմնայ։ Հրեաներուն ծրագիրն է բոլոր Երուսաղէմը իրենց հսկողութեան տակ առնել, որպէսզի հետագային երբ խօսք ըլլայ խաղաղութեան մասին, ըսեն, որ արեւելեան բաժնին մէջ ալ բազմաթիւ հրեաներ կ'ապրին:

1948 Թուականի պատերազմին, հազարներով արաբ ընտանիքներ փախան ու եկան հաստատուեցան Երուսաղէմի արեւելեան կողմը, վերցնելով հրեաներուն լքած տուները: Այնտեղ նախապէս հրեաներ կ'ապրէին, սակայն երբ կորսնցուցին արեւելեան բաժինը, փոխադրուեցան արեւմտեան Երուսաղէմ: Յստակ չէ, թէ այս տուները հիմնականին որու կը պատկանէին, արդեօ՞ք հրեաներուն էին, կամ անոնք պարզապէս վարձուորներ էին արաբներուն մօտ, որոնք իսկական սեփականատէրներն էին, եւ քանի պատմութիւնը յստակ չէ, այս խնդիրները ծագեցան: Հոն հաստատուող հրեաներ փաստաթուղթեր կեղծեցին, ապացուցելու որ այս տուները իրենց կը պատկանին, եւ 2008-2009 թուականներուն պարպելով քանի մը տուն, հրեայ բնակիչներ տեղաւորեցին այնտեղ, այսինքն բոլորովին նոր բնակիչներ, պարզապէս պատճառ ունենալու արաբական կողմը մտնելու, եւ շարունակեցին կեղծել փաստաթուղթերը, որպէսզի հանեն այնտեղ մնացած 25 ընտանիքներ, ու դատարան դիմեցին: Բարձրագոյն դատարանը որոշում պիտի տար, բայց ներկայ կացութեան համար յետաձգեց եւ այս յետաձգումը պատճառ դարձաւ յաւելեալ լարուածութեան։ Հրեաները անպայման կ'ուզեն պարպել այս տուները արաբ ընտանիքներէն, որոնք տարիներէ ի վեր հոն են: Վիճակը սրեցաւ եւ այդ բոլորը զուգադիպեցաւ «Ռամազան» ամսուան կրօնական արարողութիւններուն։ Հազարաւոր պաղեստինցիներ հասան «Ալ Աքսա»ի մզկիթ եւ իրավիճակը մեծապէս բարդացաւ։ Եղան բախումներ ու գրանցուեցան վիրաւորեալներ ու այս բոլորէն ետք «Կազա»ի մէջ տեղակայուած «Համաս»ի զինեալները մտան «խաղին մէջ» ու սկսան հրթիռներ տեղացնել Կազայի շուրջ գտնուող իսրայէլեան քաղաքներուն ուղղութեամբ։

- Ձեր կարծիքով Կազայի դէմ սկսած զինուորական գործողութիւնը կը մեծնայ, երկար կը տեւէ՞: Ի՞նչ հեետւանքներ կ'ունենայ:

Չեմ կարծեր որ այս բախումները երկար տեւեն, որովհետեւ երկու կողմերն ալ չեն ուզեր պատերազմ սկսիլ, հրեաները Կազայի մէջ մեծ գործողութիւն մը չեն կրնար սկսիլ գոնէ հիմա, որովհետեւ «Համաս» «Հըզպալլա»ին պէս կը գործէ։ Անոնք գետնափոր նկուղներու մէջ են, պատսպարուած են ու լաւ պաշտպանուած։ Զինուած են արդիական միջոցներով, եւ հեռահար ամէն տեսակի հրթիռներով։ Եթէ հրեաները որոշեն Կազա մտնել, կրնան յաղթել, բայց հարիւրաւոր զոհեր պիտի տան, որուն համար պատրաստ չեն:

Յամենայնդէպս այստեղ Միջին Արեւելք է եւ որեւէ ատեն կրնայ պատերազմ բռնկիլ եւ այն ատեն չի բացառուիր, որ մեծ պատերազմի մը պարագային, որ նոյնիսկ Լիբանանն ու Իրանն ալ կը ներքաշուին։

- Շատեր կ'ըսեն, որ Իսրայէլի կառավարութիւն կազմել չկարողացող գլխաւոր ղեկավար՝ Նաթանիահուն լուրջ խնդիրներու առաջ կանգնած է եւ պիտի շահագործէ այս վիճակը որպէսզի կարողանայ իր դիրքերըամրապնդել. կ՞այ այդպիսի բան. ի՞նչ է ձեր տեսակէտը այդ առումով:

Նաթանիահուի մասին կասկածը ճիշդ է։ Իսրայէլ քաղաքական մեծ ճգնաժամի մէջ է ու ատոր պատճառը նոր կառավարութեան մը կազմութեան տապալումն է։ Ներկայիս Եայիր Լաբիտ, Պենեթը, աջակողմեան ծայրայեղականները ժողովներ կը գումարեն, թէ ինչպէս կառավարութիւն մը մէջտեղ պիտի բերեն, եւ այդ մէկը Նաթանիահուի համար մեծ վախ է...։ Եթէ ընդդիմադիր ուժերը յաջողին կառավարութիւն կազմել, ինք «խաղ»էն դուրս պիտի մնայ, եւ այն ատեն պիտի զրկուի վարչապետի անձեռնմխելիութենէն ու նոյնիսկ դատուի եւ բանտարկուի...։ Հետեւաբար իր անձնական շահերէն ելլելով, կրնայ ստեղծել հարցեր, իրեն համար տարբերութիւն չընէր եթէ 500 պաղեստինցի կամ 10-20 հրեայ զինուոր սպաննուի: Ան նոյնիսկ կրնայ աւելի մեծ ռազմական քայլերու դիմել, որովհետեւ ինչպէս այստեղ կը խօսուի, ան Պայտընէն խնդրած է չմիջամտել: Այս մարդէն ամէն ինչ կը սպասուի իշխանութիւն վերադառնալու համար, նոյնիսկ պատերազմ, որպէսզի ինք կրկին երեւան գայ:

- Վերլուծաբանները նաեւ կը խօսին, որ պաղեստինցիները առաջուայ պէս չեն, այն իմաստով, որ աչքերնին առած են ամէն ինչ նոյնիսկ մահը. ասիկա ո՞ւր կրնայ տանիլ ընդհանուր իրավիճակը Երուսաղէմի շուրջ:

Այո՛, շատ ճիշդ նկատառում է, որ պաղեստինցիները առաջուանը չեն: Հակառակ որ առաջ ալ վախցողներ չէին, բայց գոնէ կը վախնային բանտարկութենէ կամ Երուսաղէմէ դուրս քշուելէ, բայց հիմակուայ նոր սերունդը, իրազեկ է ամէն ինչէն, եւ ալեւս չի հանդուրժեր: Անոնք անվախօրէն կը յարձակին զինուորներուն վրայ եւ կարծէք մահը առած են աչքերնին...։ Անոնք կը տեսնեն թէ այլեւս ապագայ չունին, միշտ գլխիկոր են, ցեղային խտրականութիւնը կը շարունակուի, ուրեմն այլընտրանք չունին: Մեծ փոփոխութիւն նկատելի է ներկայ սերունդին մէջ, յանդուգն են ու խրոխտ:

- Հայկական շրջաններու մասին ի՞նչ կրնաք ըսել, ի՞նչ փոխուեցաւ այս լարուածութենէն յետոյ, ինչպէ՞ս է ձեր առօրեան, արդեօք մտահոգ է՞ք ընդհանուր իրավիճակով:

Հայերուն կացութիւնը միշտ ալ դժուար եղած է հոս: Այս օրերուս «Երուսաղէմի օրուան» առթիւ ծայրայեղական հրեաներ դարձեալ փողոցներն են եւ սադրանքներ հրահրելով կռիւ կը փնտռեն, որովհետեւ գիտեն թէ ոստիկանութիւնը իրենց նեցուկ է: Անոնք հայկական վանքի դրան առջեւ, փորձեցին հրէական դրօշակը կախել հոն, ուր մենք հայկական դրօշակները կը դնենք, բայց անշուշտ չյաջողեցան: Մենք չէզոք դիրք որդեգրած ենք, որովհետեւ յայտնի չէ, թէ հարուածը որ կողմէ կու գայ: Հայերու մեծամասնութիւնը հիմա հրեաներուն նկատմամբ սէր չունի, որովհետեւ տեսան թէ Ղարաբաղի մէջ ինչպէս Իսրայէլը զէնքեր մատակարարեց Ատրպէյճանին, նոյնիսկ ռազմական խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերեց, ինչ որ մեզի՝ հայերուս շատ ցաւ պատճառեց: Կարելի է ըսել, որ մեզմէ մաս մը պաղեստինամէտ է, սակայն մեծ մասը չէզոք են: Քաղաքական գետնի վրայ, երբ Էրտողան յայտարարութիւններ կ'ընէ, թէ պէտք է ազատագրենք Երուսաղէմը, որ հրեաները նացի են կամ Իսրայէլին ըրածը պաղեստինցիներուն հանդէպ ու «Ալ Աքսա»ի մէջ անընդունելի է, հրէական լրատուամիջոցները անմիջապէս կը սկսին անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին, եւ կոչ կ'ուղղեն ճանաչելու զայն, եւ ամօթ կը նկատեն, որ մինչեւ հիմա Իսրայէլ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց երբ Էրտողան լուռ է, կը մոռցուի խնդիրը: Իսրայէլը իր ամբողջ ռազմական զօրութեամբ կը վախնայ Թուրքիայէն ու անոր հաշիւը կ'ընէ, բայց պէտք եղած ատեն, որպէս քարտ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կ'արծարծէ Քընէսէթին մէջ: Հայերս ընդհանրապէս կը բնակինք վանքին մէջն ու շուջը, ներկայիս ապահով ենք, բայց վիճակը կայուն չէ։ Միւս կողմէ ալ թուրքերը մեծապէս կ'աջակցին պաղեստինցիներուն, ուսանողներուն նպաստներ կ'ուտան, Երուսաղէմի մէջ մշակութային կեդրոն կը հիմնեն, հետեւաբար երբ Էրտողան Իսրայէլին դէմ կ'արտայտուի, շատ պաղեստինցիներ կ'իյնան անոր ծուղակը: Սակայն պաղեստինցիներու այն ուսեալ ու գիտակից դասակարգը, որուն հետ մենք՝ հայերս կ'աշխատինք, գիտեն Հայոց Պատմութիւնը եւ գիտեն Էրտողանի խաղերը, անոնք յաճախ կը պաշտպանեն մեզ: Բայց Էրտողանի մեթոտները անհաշիւ են, ան նիւթապէս օգտակար դառնալով պաղեստինիցներուն, կ'ուզէ սիրաշահիլ զիրենք: Պաղեստինեան կառավարութիւնը լուռ է ու որեւէ բան չարտայատուիր հայերուն դէմ, բայց միեւնոյն ժամանակ չի դատապարտեր Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, նոյնիսկ պատմական առումով թեմային չ'անդրադառնար , որովհետեւ տկար կառավարութիւն մը ըլլալով կ'ապաւինի Թուրքիոյ ուժին:

Այս բոլորը կը փաստէ, որ հայ գաղութը ըլլայ Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ կամ արտասահմանի, ուրիշ ճար չունի բացի Հայաստան փոխադրուելէ...։ Մենք այս երկրին մէջ միշտ պիտի սեպուինք փոքրամասնութիւն եւ պիտի զրկուինք մեր իրաւունքներէն: Իմ անձնական կարծիքով, հայերուն ապագան միայն Հայաստանի մէջ է, ճիշդ է այնտեղ ալ կացութիւնը դժուար է, բայց սփիւռքահայութիւնը հայրենադարձ ըլլալով կը կարծեմ կրնայ աջակցիլ հայրենիքին, կառուցելու համար ուժեղ պետութիւն ու կերտելու փայլուն ապագայ։