image

Ներկայիս սփիւռքն ալ յուսալքուած է.Կարօ Դանիէլեան

Ներկայիս սփիւռքն ալ յուսալքուած է.Կարօ  Դանիէլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ֆրանսաբնակ  Կարօ Դանիէլեան. 


-Բնականաբար ամբողջ հայութեան նման դուք ալ կը հետեւիք Հայաստանի զարգացումներուն: Ձեր կարծիքով, այսօր դուրսէն դիտուած ի՞նչպէս կ'երեւայ Հայաստանը, ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք:

Իմ մտավախութիւնս այն է, որ թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան կողմէ բեմերու վրայ եղած պոռոտախօսութեամբ արդիւնքի մը պիտի չհասնինք: Երկրի ընկերային եւ տնտեսական վիճակը  գոհացուցիչ չէ, ժողովուրդը յուսալքուած է եւ երիտասարդութիւնը կը մտածէ լքել եւ հեռանալ երկրէն, քանի որ վստահութիւն չունի հայրենիքը  30  տարի ղեկավարած իշխանութիւններուն հանդէպ։

 

-Մեր ժողովուրդը բազում անգամներ այսպիսի փորձութիւններէ անցած է եւ կարողացած է ոտքի ելլել: Ձեր կարծիքով այս փուլին առհասարակ հայութեան մեծագոյն սխալը ո՞րն էր:


Այո, ճիշդ է որ միշտ կրցած ենք նման փորձութիւններէ ետք ոտքի ելլել, սակայն այդ մէկը եղած է ճիշդ մատնանշելով սխալները, եւ այդ սխալներուն յստակ լուծումներ տալով:

Այս պարտութիւնը կարճաժամկէտ ձախողութեան հետեւանք չէր, այլ 30 տարուան իրերայաջորդ իշխանութիւններու բացթողումներու, եւ պոռոտախօսութեան հետեւանք էր:

 

-Սփիւռքը շատ մեծ ներուժով իր կարելին եւ անկարելին տրամադրեց, որպէսզի Հայաստանը յաղթանակած դուրս գայ այս պատերազմէն: Այսօր երբ յաղթանակի յոյսը վերածուած է փաստացի պարտութեան, սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ հոգեվիճակի մէջ է:

Սփիւռքը ոչ միայն 44-օրեայ պատերազմին, այլեւ 30 տարիէ ի վեր միշտ եղած է հայրենիքի եւ Արցախի կողքին: Պատերազմի առաջին օրէն իսկ Սփիւռքը միասնական կեցուածքով իր նեցուկը ցոյց տուաւ՝ աշխարհով մէկ բողոքի ցոյցեր իրականացնելով, արդարութիւն պահանջելով, նիւթական հսկայ օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ կամաւորներ հասան պատերազմի դաշտ, նոյնիսկ տալով նահատակներ, այն համոզումով, որ այս պատերազմի աւարտը պիտի ըլլայ յաղթանակը: Դժբախտաբար, արդիւնքը եղաւ հակառակը, եւ ներկայիս սփիւռքահայութեան միասնականութիւնը կորսուած է, Սփիւռքը յուսալքուած եւ շուարած է, եւ անշուշտ այս զգացողութեան պատճառը հայրենիքի ներկայ իրավիճակն է:

 

-Ձեր կարծիքով, ո՞րն է ամենալաւ լուծումը, որպէսզի Հայաստանը յաղթահարէ ստեղծուած քաղաքական սուր տագնապը: Ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը այս բարդ իրավիճակը լուծելու համար:

Իմ կարծիքով, թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան ղեկավարները պէտք է դադրեցնեն թշնամական արտայայտութիւնները, ատելութիւն սերմանող, փողոցային բառապաշարը, որ վայել չէ ղեկավար մարդկանց: Հայաստանը պէտք է արտահերթ ընտրութիւններու երթայ, յարգելով սահմանադրական օրէնքները:

Այստեղ կ'ուզեմ յստակ նշել, թէ Հայաստանի հանրապետութիւնը աշխարհիկ պետութիւն է եւ եկեղեցին իրաւունք չունի ներքաշուելու քաղաքական խաղին մէջ, ինչպէս նաեւ բանակը, որուն պարտականութիւնները յստակ սահմանուած են,  նոյնպէս  իրաւունք չունի ներքին քաղաքական յայտարարութիւններով հանդէս գալու:

 

-Արդեօք իրապէս մտավախութիւններ ունի՞ք Հայաստանի ապագային վերաբերեալ, թէ՞ վստահ էք, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը ինչ-որ չափով պահպանուած է ռուսական կողմի ներկայութեամբ:


Ճիշդ է որ քանի մը քաղաքական դէմքեր արտայայտուեցան քաղաքացիական պատերազմի մասին, բայց ես այդ մտավախութիւնը չունիմ, քանի որ հայ ժողովուրդի գիտակցութիւնը շատ աւելի բարձր է:

Իսկ արտաքին գետնի վրայ վտանգը միշտ գոյութիւն ունի. Մենք պէտք է յուսալի եւ վստահելի ռազմավարական դաշնակից  ունենանք, եւ իմ կարծիքով այդ դաշնակիցը Ռուսաստանն է, քանի  որ  տարածաշրջանը կը համարուի Ռուսաստանի ռազմավարական տարածք, սակայն այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանը չպէտք է  ռազմավարական եւ բարեկամական կապեր ունենայ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հետ, մանաւանդ որ Ֆրանսան եւ Ամերիկան Մինսքի խմբակի համանախագահութեան անդամներ են: