Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը մասնակցած է Թուրքիոյ Հրէական համայնքին կոմէ նշուաղ «Հանուքքա» տօնին նշման: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեծ հանդիսութեամբ մը նշուած է Հրէաներու «Հանուքքա» տօնը, որուն նշումը պաշտօնապէս առաջին անգամն է, որ տեղի կ'ունենայ: Սոյն տօնի այլ կրօնական երեւելի գործիչներու կողքին իր մասնակցութիւնը բերած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ ՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը: Ըստ մեր աղբիւրին տօնը կազմակերպուած եղած է Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին կողմէ եւ տեղի ունեցած է Պոսֆորի մօտ գտնուող Օրթաքոյի հրապարակին վրայ, ուր կը գտնուի նաեւ նշանաւոր Büyük Mecidiye (Ortaköy) մզկիթը: Մեր աղբիւրին համաձայն տօնակատարութեան ընթացքին, նախքան Ռապպի Իզաք Հալէվայի կողմէ «Հանուքքա»ի մոմերը վարելը, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտարը խօսք առնելով ներկաներուն եւ հրեայ համայնքի անդամներուն առջեւ մաղթած է, որ «Հանուքքա»ի մոմերը լուսաւորեն ամբողջ աշխարհը»: Հանդիսութեան ժամանակ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի ղեկավար Իսհաք Իպրահիմզատէն նոյնպէս խօսք առնելով կարեւորած է որպէս «մէկ ազգ» միասնականութեան գիտակցութիւնը եւ յայտնած իր «խորհին շնորհակալութիւնը» Թրքական պետութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտօնատար անձանց, քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ «սիրելի ամբողջական Թուրքիոյ»: Նշենք, որ հրէական համայնքը Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած է 15-րդ դարու աւարտին, երբ տասնեակ «Սաֆարատ» հրեաներ որպէս փախստական ապաստանած են Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս:Թուրքիոյ կառավարութիւնը որպէս փոքրամասնութիւններու սիրտը գրաւելու քաղաքականութեան մաս, Մարտ ամսուն չորս տարուան ժամկէտով վերաբացած եւ ֆինանսաւորած է արեւմտեան Էտիրնէի գտնուող պատմական Քալ Քատոշ Հա Կատոլ (Kal Kadoş Ha Gadol) ժողովարանը, որ ներկայիս կը ծառայէ որպէս թանգարան եւ պաշտամունքի վայր:Նշենք, որ «Հանուքքան հրէական տօն է, որ կը յիշատակէ Սուրբ տաճարի վերանուիրագործումը (երկրորդ տաճարի) Երուսաղէմի մէջ Սելեւկեան կայսրութեան դէմ մակաբայեցիներու ապստամբութեան ժամանակ: «Հանուքքա»ն կը պահպանուի 8 օր ու գիշեր, սկսեալ հրէական օրացոյցի Քիսլէվի 25-րդ օրէն, որ կը զուգադիպի Նոյեմբերի վերջերը եւ կ'երկարի մինչեւ Դեկտեմբերի վերջերը, ան նաեւ ծանօթ է որպէս լուսաւորման եւ ընծայաբերման տօն (նաւակատիք):