Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութիւնը (PLO- հիմնադրուած Եասէր Արաֆաթի կողմէ) Բրիտանիայէն պահանջած է ներողութիւն խնդրել «Պէլֆորի խոստում»ին համար, որ ճամբայ հարթեց Իսրայէլի դիմաց, պաղեստինեան հողերուն վրայ պետութիւն հիմնելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Կազմակերպութեան փախստականներու հարցերու կարգաւորման վարչութեան նախագահ Զաքարիա Ալ Աղա իր յայտարարութեան մէջ շեշտած է, որ եթէ Լոնտոն շարունակէ ներողութիւն խնդրելու փոխարէն հռչակագրի հրապարակման տարեդարձը նշել իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ, պաղեստինեան կողմը պիտի ստիպուի միջազգային դատարաններու մօտ դատական հայց ներկայացնել Լոնտոնի դէմ:
Ալ Աղայի զայրոյթին պատճառ հանդիսացած է Բրիտանական կառավարութեան կողմէ 2 նոյեմբերին կազմակերպուելիք տօնակատարութեան յայտարարութիւնը, «Պէլֆորի խոստում»ի 100-ամեակին առիթով:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ այդ օրերու Արտաքին գործոց նախարար Արթըր Պալֆուր նամակ յղած էր հրեայ համայնքի ներկայացուցիչին, յայտնելով Բրիտանիոյ համաձայնութիւնը, Պաղեստինի մէջ հրեաներու ազգային երկիր մը հիմնելու գաղափարին, որ եւ առիթ հանդիսացած ու ճամբայ հարթեց Իսրայէի պետութեան հիմնադրման:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ