Ռուսաստանը տեւական կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ, ջանքեր կը գործադրուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին լարուածութիւնը լիցքաթափելու ուղղութեամբ, Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման անայլընտրանք տարբերակի կողմնակից է, յայտարարած է Ռուսաստանի առաջնորդի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթին»:
«Դուք գիտէք, որ ռուսական եւ հայկական կողմերը տեւական կապի մէջ են: Մենք նաեւ տեւական կապի մէջ ենք Պաքուի հետ: Նախագահը եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման անայլընտրանք տարբերակի վճռական կողմնակից է: Այժմ գործօն ջանքեր կը գործադրուին լարուածութիւնը լիցքաթափելու եւ իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
Անցեալ շաբաթ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի արտահերթ նիստին յայտարարած էր, որ ինք նամակ գրած է Փութինին օգնութեան, ներառեալ՝ ռազմական օգնութեան խնդրանքով՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին Սիւնիքի մարզէն ներս տիրող իրավիճակի պատճառով:
Հարցին, թէ ստացած է արդեօք ՌԴ նախագահը Փաշինեանին նամակը, Գրեմլինի ներկայացուցիչը դժուարացած է պատասխանելու: «Ես ձեզ հաստատ չեմ կրնար ըսել, բայց այս բոլոր հարցերը, բնականաբար, բազմիցս քննարկուած են երկկողմ շփումներու ընթացքին»,- ըսած է Փեսքով: