image

PKK-ի զինեալներ թրքական զօրակայան մը հարուածած են. Կան տոյժեր

PKK-ի զինեալներ թրքական զօրակայան մը հարուածած են. Կան տոյժեր

«Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման զինեալները հրթիռակոծութեան ենթարկած են Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգի Չուքուրճա շրջանը գտնուող ռազմակայաններէն մէկը, ինչի արդիւնքով թրքական կողմը գրանցած է մէկ կորուստ եւ 5 վիրաւոր:

Ինչպէս կը գրէ թրքական dunya.com կայքը, վիրաւոր զինուորները ուղղաթիռով տեղափոխուած են Հաքքարիի պետական հիւանդանոց:

Յայտնի է, որ թրքական ԶՈւ-ն նոյնպէս հարուածներ հասցուցած է քրտական դիրքերուն:

Յիշեցնենք, որ ՔԱԿ-ը քրտական կազմակերպութիւն է, որուն հիմնական նպատակն է զինուած պայքարի միջոցով Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան, Իրաքի հիւսիսային, Իրանի հիւսիս-արեւմտեան եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան տարածքներուն մէջ քրտական անկախ պետութիւն հիմնել: