image

Պիտի ներկայացուի Վարդգէս Եղիայեանի «Հայերը Եւ «Օխրանան» » հատորը

Պիտի ներկայացուի Վարդգէս Եղիայեանի «Հայերը Եւ «Օխրանան» »  հատորը

Յառաջիկայ հինգշաբթի 7 Յուլիսին Կլէյնտէլի  «Ապրիլ» գրատան մէջ  պիտի ներկայացուի  ամերիկահայ յայտնի իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի  վերջերս հրապարակած «Հայերը Եւ «Օխրանան». 1907-1915» հատորը: Հատորին մէջ համախմբուած են ռուսական արխիւներէ թարգմանուած աւելի քան 50 փաստաթուղթեր, որոնք կ՛առնչուին հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններու: Սոյն փաստաթուղթերը գտնուած են ցարական Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ «Օխրանա»ի արխիւներուն մէջ եւ նոր լոյս կը բանան ոչ միայն ցարական գաղտնի սպասարկութեան, այլեւ անոր կողմէ հալածուողներու գործունէութեանց վրայ: Նշենք, որ  հատորին նախաբանը   գրած է  երիտասարդ  պատմաբան Արմէն Մանուկ-Խալոյեան: Միջոցառման խօսքով հանդէս  պիտի գայ  յայտնի օսմանագէտ Դոկտ. Կարօ Մոմճեան: Տեղին է նշել, որ Վարդգէս Եղիայեանին անունը կ'առնչուի ամերիկեան  New York Life ապահովագրական ընկերութեան  դատերուն հետ ու վերջինս  կը համարուի  առաջին հայ իրաւաբանը, որ ցեղասպանութիւնէն  փրկուածներուն    հարցերը   տարաւ իրաւական դաշտ եւ  յաջողեցաւ նիւթական   իրաւունքներ      ստանալ, այն  հայորդիներուն համար, որոնց   նախահայերը    ապահովագրուած էին   ամերիկեան   ապահովագրական   ընկերութեանց մէջ: