image

«Պիթքոյն» թուային արժոյթի աներեւակայելի թանկացումը

«Պիթքոյն» թուային արժոյթի աներեւակայելի թանկացումը

«Պիթքոյն» թուային արժէքը աներեւակայելիօրէն թանկանալով երէկ առաջին անգամ ըլլալով հատած է 15 հազար տոլարի սահմանը, այսպիսով մէկ շաբթուան ընթացքին 50% թանկացած ըլլալով, կը յայտնէ ֆրանսական լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիէրին փոխանցմամբ, «Պիթքոյն» տարուան սկիզբէն ի վեր 15 անգամով թանկացած է, բան մը, որ դրամական աշխարհի վերլուծաբաններուն ու իրաւասու մարմիններուն մօտ մտահոգութիւն առաջացուցած է:

«Պիթքոյն»ի թանկացման գլխաւոր պատճառը, ըստ աղբիւրին, ամերիկեան արտարժոյթի շուկային մէջ անոր հանդէպ եղած մեծ հետաքրքրութիւնն է: