image

Փութին – Ռուհանի Սուրիոյ մէջ տարակարծութի՞ւն

Փութին – Ռուհանի Սուրիոյ մէջ տարակարծութի՞ւն

Ամերիկեան «The Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր լուսարձակի տակ առած է Սուրիոյ մէջ Փութինի վարած քաղաքականութեան հետեւանքով Իրանի մօտ առաջացած մտահոգութիւնը: Կայքը համոզմունք յայտնած է, որ տարակարծութիւններն ու հեռանկարներու չհամընկնիլը կը պղտորէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

Կայքը նշած է նաեւ, որ Ռուսիոյ կողմէ կազմակերպուած տարբեր հանդիպումները Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ իրանական ու ռուսական ռազմական միջամտութեան կարեւորումը նպատակ ունի շեշտել, թէ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ յաղթանակներու գլխաւոր կերտողներն այդ ուժերն են: Յօդուածը միաժամանակ շեշտած է, որ Ռուսիա նպատակ ունի Սուրիոյ հակամարտութեան լուծման գլխաւոր դերակատարը մնալ:

Միւս կողմէ կայքը յայտնած է նաեւ, որ Իրան ամբողջապէս կողմ չէ ռուսական նախագիծերուն,  ակնարկելով, որ Թեհրան Սուրիոյ մէջ իր շահերը խաթարուած կը համարէ Ռուսիոյ կողմէ Ժնեւի բանակցութիւններուն տրուած մեծ կարեւորութեան լոյսին ներքոյ:

Հակառակ անոր, որ կայքը բացառած է Ռուսիոյ կողմէ Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելու հաւանական պարտադրանքները, սակայն միաժամանակ համոզմունք յայտնած է, որ վերջինս կրնայ «Հըզպալլա»ն որակել որպէս Սուրիոյ մէջ գործող «օտար ուժ», հետեւաբար տկարացնել նաեւ Իրանի դիրքը: