Լիբանանահայ լրագրող Փօլա Եագուպեան իր հեղինակած «Inter-views» հաղորդման նախորդ եթերի աւարտին իր հրաժարականը ներկայացուցած է:
«Յարգելի' հեռուստադիտողներ, շնորհակալ եմ աւելի քան 10 տարիներու եւ 500 եթերի ընթացքին «Inter-views» հեռուստահաղորդման հետեւելու եւ հաւատարիմ մնալու համար:
Շնորհակալ եմ վարչապետ Հարիրիին, իր անվերջ աջակցութեան եւ վստահութեան համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Մուսթաքպալ» հեռուստակայանին եւ բոլոր գործընկերներուս ու հրաժեշտ կու տամ ձեզի... ցտեսութիւն»,- հաղորդման աւարտին եզրափակած է Եագուպեան: