image

Փօլա Եագուպեան հեռացա՞ծ է «Մուսթաքպալ»էն

Փօլա Եագուպեան հեռացա՞ծ է «Մուսթաքպալ»էն

Լիբանանահայ լրագրող Փօլա Եագուպեան իր հեղինակած «Inter-views» հաղորդման նախորդ եթերի աւարտին իր հրաժարականը ներկայացուցած է:

«Յարգելի' հեռուստադիտողներ, շնորհակալ եմ աւելի քան 10 տարիներու եւ 500 եթերի ընթացքին «Inter-views» հեռուստահաղորդման հետեւելու եւ  հաւատարիմ մնալու համար:

Շնորհակալ եմ վարչապետ Հարիրիին, իր անվերջ աջակցութեան եւ վստահութեան համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Մուսթաքպալ» հեռուստակայանին եւ բոլոր գործընկերներուս ու հրաժեշտ կու տամ ձեզի... ցտեսութիւն»,- հաղորդման աւարտին եզրափակած է Եագուպեան: