image

Փօլա Եագուպեան երեսփոխանութեան թեկնածո՞ւ

Փօլա Եագուպեան երեսփոխանութեան թեկնածո՞ւ

 Լիբանանահայ անուանի լրագրող Փօլա Եագուպեան կրնայ իր թեկնածուութիւնը դնել Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

 Այս մասին գրած է «Ալ Ախպար» պարբերականը: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Եագուպեան պիտի ըլլայ վարչապետ Սաատ Հարիրի ղեկավարած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի Զահլէ  շրջանի հայ թեկնածուն:

  Թերթը իր աղբիւրներուն յղում տալով նոյնպէս գրած է, որ ընտրական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Հարիրի բաւական լուրջ քննարկումներ կ'ունենայ ՀՅԴ-ի հետ: Ընթացող քննարկումներուն համաձայն մինչ ՀՅԴ պիտի  ստանայ Պէյրութի հայ առաքելական երեսփոխաններու աթոռները, անդին «Ալ Մուսթաքպալ»-ին բաժին պիտի իյնայ Զահլէի հայ երեսփոխանական աթոռը, որուն հիմնական թեկնածուն պիտի ըլլայ հայազգի Փօլա Եագուպեանը: