Լիբանանահայ անուանի լրագրող Փօլա Եագուպեան կրնայ իր թեկնածուութիւնը դնել Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Այս մասին գրած է «Ալ Ախպար» պարբերականը: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Եագուպեան պիտի ըլլայ վարչապետ Սաատ Հարիրի ղեկավարած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի Զահլէ շրջանի հայ թեկնածուն:
Թերթը իր աղբիւրներուն յղում տալով նոյնպէս գրած է, որ ընտրական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Հարիրի բաւական լուրջ քննարկումներ կ'ունենայ ՀՅԴ-ի հետ: Ընթացող քննարկումներուն համաձայն մինչ ՀՅԴ պիտի ստանայ Պէյրութի հայ առաքելական երեսփոխաններու աթոռները, անդին «Ալ Մուսթաքպալ»-ին բաժին պիտի իյնայ Զահլէի հայ երեսփոխանական աթոռը, որուն հիմնական թեկնածուն պիտի ըլլայ հայազգի Փօլա Եագուպեանը: