Իրաքեան աղբիւրները փոխանցած են, որ քրտական Փէշմարքայի զինեալները փակած են Մոսուլի հիւսիս-արեւելեան շրջանը գտնուող Տահուք եւ Նինուէ նահանգներն իրար միացնող ճանապարհը, կանխելու համար իրաքեան զօրքերու կողմէ Ֆիշխապուր անցքի ազատագրումը: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար»ը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ պաշմարքայի զօրքերը հողէ արգելքներով փակած են Սինճարէն դէպի Տահուք տանող ճանապարհը, այն բանէն ետք, երբ լուրեր տարածուած են, թէ իրաքեան դաշնային ուժերը մտադիր են իրենց տիրապետութեան տակ վերցնել Իրաքը, Թուրքիան եւ Սուրիան իրար կապող Ֆիշխապուրի անցքը:
Իրաքեան Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, իրաքեան դաշնային ուժերու եւ պաշմարքայի զօրքերուն միջեւ տեղի ունեցող կռիւներուն հետեւանքով մեծ թիւով քաղաքացիներ նիւթական եւ մարմնական վնասներ կրած են: