Պաղտատի եւ Իրպիլի միջեւ ինկած շարք մը տարածքներու վրայ Փէշմարքայի եւ Դաշնային ուժերու միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին լուրը հաղորդած է Իրաքի մէջ «Սփութնիք»ի լրագրողը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, քրտական անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկուն հաղորդմամբ, քրտական ուժերը շարք մը գիւղերու մէջ առճակատման դուրս գալով իրաքեան ուժերուն դէմ, կարողացած են ետ մղել զանոնք:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Փէշմարքայի զօրքերը հրթիռակոծման ենթարկելով Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Մախմուր շրջանը սպանած են Դաշնային ոստիկանութեան աշխատակից փոխգնդապետ մը:
Միւս կողմէ քրտական ուժերը իրաքեան բանակին պատկանող մեծ թիւով ինքնաշարժներ եւ երեք հրասայլեր հրկիզած են:
Նշենք, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւնը 25 հոկտեմբերին երեք կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութեան մը մասին յայտարարած էր, որոնցմէ մէկը Փէշմարքայի եւ իրաքեան ուժերուն միջեւ զինադադարի յայտարարումն ու Պաղտատի հետ երկխօսութեան դիմելն էր: