Peruvian Airlines ընկերութեան Boing-737 ուղեւորատար օդանաւը այրած է Փերուի Խաուխա քաղաքի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարելու ժամանակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ larepublica.pe կայքը, նշելով, որ օդանաւի մէջ եղած է 141 ուղեւոր, որոնք ապահով կերպով տարհանուած են
Աղբիւրի համաձայն, տուժած է առնուազն 26 մարդ, որոնց շարքին նաեւ երեխայ:
Peruvian Airlines-ի ներկայացուցիչներու փոխանցմամբ՝ օդանաւը աջ թեքուած է ու դուրս եկած է թռիչքի ուղիի սահմանէն: