Յայտնի է, որ Ատրպէյճնի իշխանութիւններն անցած հանգստեան օրերուն շրջագայութիւն կազմակերպած էին օտարերկրեայ դեսպաններու համար դէպի Վարանտա (Ֆիզուլի) եւ Շուշի: Սական ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ ՌԴ-ի դեսպաններն անտեսած էին Ատրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրը. ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դիրքորոշումը հանրային ընդվզում առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:
Այս կապակցութեամբ haqqin.az լրատուականի խմբագրութիւնը Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Էրլ Լիթցենպըրկըրէն խնդրած է պատասխանել թեմայի վերաբերեալ շարք մը հարցերու: Ստորեւ ներկայացուած են ԱՄՆ դեսպանատան պատասխանները:
- Ինչո՞ւ մերժեցիք Շուշի այցելելու կառավարութեան հրաւէրը:
- Մենք չենք մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցին վերաբերող մանրամասները կամ պատճառները, թէ ինչու ան չի կրնար ներկայ ըլլալ որոշակի միջոցառումներու: Կ'ուզենք նշել, որ ուրբաթ Պաքուի մէջ կային շարք մը դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք ի վիճակի չէին մեկնելու Ֆիզուլի եւ Շուշի:
- ԱՄՆ-ն տարբեր պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ռուսաստանի դէմ: Ինչո՞ւ Միացյալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի դիրքորոշման հետ համահունչ կը գործէ:
- ԱՄՆ-ն Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանած է 2014-ին ուքրանական տարածքի բռնագրաւման, չարամիտ ցանցային եւ հակաահաբեկչական գործողութիւններու, մարդոց վաճառքի, զէնքի տարածման եւ այլ չարամիտ գործողութիւններու համար: ԱՄՆ-ն Ռուսաստանի հետ առճակատում չի փնտռեր: Մենք անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Ռուսաստանը կը վերադառնայ միջազգային պարտաւորութիւններու կանոններու վրայ հիմնուած մոտելի, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կառուցել աւելի կայուն եւ կանխատեսելի երկկողմ յարաբերութիւններ:
ԱՄՆ-ն չի բացառեր Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը որպէս Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ երկկողմ եւ համաշխարհային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են պատժամիջոցները, զէնքի կրճատումը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը:
- Ինչո՞ւ Մինսքի խումբի երեք համանախագահ երկիրներու դեսպանները հանդէս եկան նոյն դիրքորոշմամբ եւ մերժեցին 9 Յուլիսին Շուշի այցելելու հրաւէրը:
- Մենք չենք մեկնաբաներ մեր դեսպանի ժամանակացոյցի մանրամասները: Խորհուրդ կու տանք կապուիլ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանատուներու հետ ՝ այլ դեսպանատներու մասին մանրամասներ ստանալու համար: