image

Ընտրութեան ժամանակ ամենաշատ գումար ծախսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը

Ընտրութեան ժամանակ ամենաշատ գումար ծախսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը

 

Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է տուեալներ այն մասին, թէ ՀՀ ԱԺ 8-րդ գումարման արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին 26 քաղաքական կուսակցութիւնները եւ դաշինքները որքան գումար ծախսած են։ Կը ներկայացնենք ամենաշատ գումար ծախսած եռեակը։

 

1․ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը՝ 474 924 880 ՀՀ դրամ։

2․ Հայաստան դաշինք՝ 330 856 650 ՀՀ դրամ։

3․ Պատիւ ունեմ դաշինք՝ 271 757 269 ՀՀ դրամ։

Ամենաքիչ գումար ծախսած է Վերելք կուսակցութիւնը՝ 91 000 ՀՀ դրամ։

Ընդհանուր առմամբ 26 քաղաքական ուժերը միասին նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ծախսած են 1 505 402 005.7 ՀՀ դրամ։